2017-03-07 09:40:00

Արցախի երկու բժշկական հաստատութիւն համալրուած է նորածիններու յատուկ սարքերով


Արժանթինահայ բարերարներ Դանիէլ եւ Իզապէլ ամուսիններու նիւթական աջակցութեամբ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նորածինը հսկող (գիւուեզ) եւ կառավարիչ երկուական սարք նուիրաբերած են Արցախի «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման» կեդրոնին եւ «Արեւիկ» մանկական բժշկական միաւորման նորածիններու անմիջական խնամքի բաժանմունքներուն:

Գերմանական արտադրութեամբ այս գերժամանակակից սարքերը բնականոն պայմաններ կ՝ապահովեն անհաս եւ քիչ կշիռքով ծնած նորածիններու կեանքի ու կենսագործունէութեան համար: Խոնաւութեան, ջերմաստիճանի, թթուածինի համապատասխան մակարդակի ապահովումը նորածինին հնարաւորութիւն կու տայ դուրս գալու վտանգուած վիճակէն: Կառավարիչներն ալ կ՝ապահովեն նորածիններու շնչառական եւ սիրտ-անօթային համակարգի գործունէութեան հսկողութիւնը:

«Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման» կեդրոնի գործադիր տնօրէն Վարդգէս Օսիպովի խօսքով` նորածիններու անմիջական խնամքի բաժանմունքը կեդրոնի կարեւոր օղակներէն է:

Արցախի մէջ տարեկան կը ծնի 100-120 անհաս կամ քիչ կշիռքով երեխայ, ինչպէս նաեւ հասուն նորածիններ, որոնք ախտաբանական տարբեր խնդիրներու պատճառով կարիք ունին լիարժէք հսկողութեան: Սարքերը հնարաւոր կը դարձնեն մանկածիններու համապատասխան խնամքը, վերականգնումն ու բուժումը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.