2017-03-06 10:07:00

Հրանոյշ Յակոբեան Դեսպաններուն ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան ձեռնարկերը։


Մարտ 3-ին Երեւանի մէջ շարունակուեցան Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավար կազմի, արտերկրի մէջ Հայաստանի դեսպաններու, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ մշտական ներկայացուցիչներու եւ գլխաւոր հիւպատոսներու հաւաքի աշխատանքները:

Դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն առջեւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան, որ ներկայացուց միջխորհրդարանական փոխգործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Դիւանագէտի օրուան առթիւ` միջխորհրդարանական կառոյցներուն մէջ խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն հետ սերտ համագործակցութեան, համատեղ նախաձեռնութիւններուն եւ ցուցաբերած դիւանագիտական աջակցութեան համար Ազգային ժողովի նախագահը ԱԺ պարգեւներ յանձնեց ԱԳՆ  շարք  մը աշխատակիցներու:

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումները եւ ներդրումներու խրախուսման ուղղուած քայլերը` այդ գործին մէջ կարեւոր համարելով արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգի դերակատարութիւնը: Վարչապետին ելոյթէն յետոյ հանգամանալից մտքերու փոխանակում ծաւալեցաւ` արտաքին քաղաքական օրակարգի տնտեսական բաղադրիչի ընդլայնման շուրջ:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուց սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցով ձեռնարկուող քայլերը, Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերուն աջակցութեան ապահովման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները, սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւնները:

Դեսպանահաւաքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Նախարարը ներկայացուց պաշտպանական ոլորտին մէջ բարեփոխումները, բանակաշինութեան բնագաւառին մէջ նոր նախաձեռնութիւնները, Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման մակարդակի բարձրացման, ռազմական կրթութեան բարելաւման, այլ երկիրներու հետ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, պատասխանեց բազմաթիւ հարցերու:

Դեսպանահաւաքի մասնակիցներն այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.