2017-03-04 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ''Հոգեւոր երաժշտութեան'' մասին միջազգային գիտաժողովին մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 4 Մարտ 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք Սուրբ Աթոռի մօտ Իրաքի նոր անուանուած դեսպանը` Տիար Օմեր Ահմէտ Քարիմ Պերզինժին, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով եւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Մարք Ուելլէն, Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` ''Musicam sacram'' հոգեւոր երաժշտութեան'' հայող Վատիկանեան Բ Ժողովի սահմանադրութեան 50-րդ ամեակի առթիւ  ''Հոգեւոր երաժշտութեան'' մասին Հռոմի մէջ գումարուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն։

Ակնարկելով վերոնշեալ փաստաթուղթին Սրբազան Քահանայապետը ըդգծեց թէ Վատիկանեան Բ Ժողովի հայրերը յատուկ ուշադրութիւն ուզեցին դարձնել հոգեւոր երաժշտութեան  ու անոր ծիսական կատարողութիւններու մէջ գործածութեան, որպէս ուրախութեան, սրտերու միասնութեան ու հաւատացեալներու մասնակցութեան ազնիւ արտայայտութիւն։

Փաստաթուղթը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը բացայայտէ ծիսական արարողութիւններու հաւատացեալներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը, որ պէտք է ըլլայ գործօն, գիտակից եւ լիարժէք'' ու կը հաստատէ թէ ''Ծիսական արարողութեան իսկական տօնախմբութիւնը կախեալ չէ երգեցողութեան հարուստ ձեւէն կամ հանդիսութեան հոյակապ կատարողութենէն այլ արարողութեան պարկեշտ ու կրօնական բնոյթէն'' որ կը նշանակէ ջերմեռանդութեամբ մասնակցիլ Աստուածային Խորհուրդին` Աստուածայայտնութեան որ կը կատարուի ամէն մէկ զոհաբերումի ժամանակ, որուն ընթացքին Տէրը ներկայ կը գտնուի իր ժողովուրդին մէջ, որ կանչուած է իսկական մասնակցութիւն բերելու մերած ու Յարութիւն առած Քրիստոսի փրկագործութեան արարքին։ 

Այս հեռանկարով է որ պէտք է ըմբռնել նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան նորոգումի մասին խորհրդածութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով թէ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը կրկնակի է. մէկ կողմէն հարկ է արժեւորել անցեալի հարուստ եւ բազմատեսակ ժառանգութիւնը միւս կողմէն հարկ է հոգեւոր երաժշտութիւնն ու ծիսական երգեցողութիւնը պատշաճեցնել այժմէական երաժշտութեան ոճին, ստեղծելով համապատասխան հաւատքի ձգտող զգացական մթնոլորտ մը որ յառաջացնէ ընկալումը եւ մատակարարուած խորհուրդին լիարժէք մասնակցութիւնը։ 

Այս կատարելու համար հարկաւոր է երաժշտական ատակ կազմաւորում, յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը, ապա շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց տածած աշխատանքին համար քաջալերեց զանոնք միշտ ի միտ ունենալ նպատակակէտը` որ է օգնել հաւատացեալներն ու Աստուծոյ ժողովուրդը` հասկնալու եւ իրենց բոլոր զգայարանքներով մասնակցելու Աստուածային Խորհուրդին։

Խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար եւ սրտանց ձեզի կը շնորհեմ առաքելական օրհնութիւնս, ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.