Մարտ 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի միջգերատեսչական համակարգող յանձնաժողովի եւ աշխատանքային խումբի նիստը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան գերատեսչութիւններու, մարզպետարաններու, քաղաքապետարաններու, գիւղական համայնքներու ներկայացուցիչներ, հիւրընկալ ընտանիքներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ ողջունել ձեզ եւ ասել, որ «Արի տուն»-ը կեանքի կոչելը դարձել է համապետական ծրագիր: Աշխարհի 57 երկրից հազարաւոր պատանիներ եւ աղջիկներ են մասնակցել «Արի տուն» ծրագրին: «Արի տուն»-ը դարձել է մի իւրօրինակ շաղախ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հազարաւոր ընտանիքների միջեւ»:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ընտանիքներուն, գերատեսչութիւններուն, մարզպետարաններուն, տարածքային կառավարման ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, Երեւանի վարչական շրջաններուն` Սփիւռքէն ժամանած հայ պատանիներուն ու աղջիկներուն գրկաբաց ընդունելու եւ անոնց համար Հայրենիքի մէջ լաւագոյն պայմաններ ստեղծելու համար:
Նախարարը կարեւոր համարեց ծրագիրի ծիրէն ներս Մայրենիի ուսուցումը: «Ծրագրի իւրաքանչիւր օրը սկսւում է հայերէնի ուսուցմամբ: Դասընթացի աւարտին խմբերը ներկայացնում են ամփոփիչ գրական-գեղարուեստական կոմպոզիցիաներ, ասմունք, երգ, պար», – նշեց ան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |