2017-03-03 09:01:00

Ռայի Պատրիարքը հանդիպումներ ունեցաւ Սիսիի եւ Թէոդորոս Բ. Պապին հետ:


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ ղպտի համայնքի Թէոդորոս Բ. պապին:

Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Գահիրէի մէջ բացումը կատարեց վերանորոգուած Մար Եուսեֆ դպրոցին:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց մարոնի համայնքի առաջնորդն ու եկեղեցին, որոնց նախաձեռնութեամբ կատարուած է դպրոցին վերանորոգումը:

Ան շեշտեց, որ եկեղեցին կը հաւատայ ուսման կարեւորութեան եւ անոր կատարած աշխատանքը ողջունելի է:

«Դպրոցը մեծ դերակատարութիւն ունի ապագայ սերունդները պատրաստելու եւ անոնց իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն մասին զանոնց իմացնելու եւ դաստիարակելու իմաստով», ըսաւ Ռայի` շեշտելով փոխադարձ յարգանքը պահելու եւ բազմազանութիւնը ընդունելու կարեւորութիւնը:

Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ նորահաս սերունդները դաստիարակուին խաղաղութեան կարեւորութեան գիտակցութեամբ` հեռու մնալով տագնապներէն եւ պատերազմներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.