2017-03-03 10:02:00

Նոր Կիլիկիոյ մէջ բնակարաններ ստացած են 15 ընտանիքներ


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով կառուցուած Մարտակերտի շրջանի Նոր Կիլիկիա շրջանին մէջ 15 բնակարաններ յանձնուած են իրենց տէրերուն:
Բնակարանները տրամադրուած են Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի համայնքներու զոհուած ազատամարտիկներու եւ  բազմազաւակ ընտանիքներուն:
«Արցախփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Խաչատրեան ըսած է, որ այն տարածքը, ուր կառուցուած են բնակարանները, բնակիչներուն համար սուրբ վայր է, որովհետեւ արցախեան գոյամարտի ժամանակ հայ քաջորդիները հակառակորդին յառաջխաղացքը այստեղ կասեցուցած են:
«Սկզբնական շրջանին կառուցուած եւ բնակիչներուն բաժնուած են 10 բնակարաններ: Այնուհետեւ սկսած է 22 առանձնատուներու  կառուցումը: Այսօր արդէն 15 բնակարաններ յանձնուած են: Բնակարանները կը համապատասխանեն քաղաքաշինական ժամանակակից պայմաններուն: Կառուցուած են բոլոր ենթակառուցուածքները, բարեկարգուած են ճամբաները», ըսած է Վ. Խաչատրեան:
 
Սուրիոյ Բանակն Ու Անոր Դաշնակիցները Իրենց Վերահսկողութեան Տակ Առած Են Թըտմոր Քաղաքը
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները երէկ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրած են Թըտմոր քաղաքը: ՏԱՀԵՇ քաղաքէն նահանջելէ առաջ ականահարած է բազմաթիւ վայրեր:
Սուրիական օդուժը իր կարգին հարուածած ու վնասազերծած է ՏԱՀԵՇ-ի մէկ կարաւանը, որ քաղաքէն դէպի արեւելք գտնուող Սախնայի ճամբայ կը նահանջէր:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Փալմիրի պատմական բերդը եւ Թըտմորէն արեւմուտք գտնուող Իթիսալաթ բլուրը:







All the contents on this site are copyrighted ©.