2017-03-02 15:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հռոմի թեմին ժողովրդապետներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 2 մարտ 2017-ի առաւօտեան 11-ին Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա ուր հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած Հռոմի Թեմի ժողովրդապետներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն մեկնեցաւ 10,30-ին եւ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա ժամանեց 11-ին, ուր դիմաւորուեցաւ Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Վալլինիի կողմէ ապա ժողովրդապետներու հետ ունենալիք պաշտօնական հանդիպումէն առաջ, 15 քահանաներուն մատակարարեց ապաշխարութեան խորհուրդը, հուսկ 11,50-ին, Պազիլիքաին մէջ հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետներուն հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղեց երկարաշունչ ճառ մը, որուն առանցքը հանդիսացաւ հաւատքի աճն ու զարգացումը` Քահանայի մը կեանքէն ներս։

Մեկնելով «Տէր, աճեցուր մեր մէջ հաւատքը» (Ղուկ ԺԷ. 5) Ղուկաս աւետարանիչի սոյն հատուածէն Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները իրենք եւս հայցելու այդ շնորհքը, ապա այս առընչութեամբ ներկայացուց երեք կէտեր, որոնք էական նկատեց հաւատքի աճումին համար՝ յիշողութիւն, յոյս եւ զատորոշում։

''Հարկաւոր է միշտ յիշել այն խոստումը, որ Տէրը տուած է իմ ճանապարհիս սկիզբը, յիշել անցեալին ընդունուած շնորհքները, մեր հայրերու հաւատքի պատմութիւնը'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ  ''Յոյսը ինծի ցոյց կու տայ հորիզոնը, զիս կ᾿առաջնորդէ եւ կը պահէ. ան հաւատքը կը բանայ Աստուծոյ տուած անակնկալներուն դիմաց եւ մեր հաւատքը կը պահէ թարմ''։

''Վերջապէս, յատուկ պարագայի մը, կեանքի խաչմերուկներուն վրայ, պէտք է որոշում կայացնեմ, ճանչնալով ժամանակի պահանջքը'', յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ ''Այստեղ հաւատքը կը դառնայ շօշափելի՝ բարեսիրութեան միջոցաւ. ան կը վերածուի վկայութեան''։

Հարկ է որոշում կայացնել՝ նախ նկատի առնելով թէ իʹնչ է Հօր կամքը, ճանչնալով պատեհ առիթը ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ պահ մը խորանալով «աճում» եւ «հասունացում» բացատրութիւններուն վրայ, նկատելով, թէ «հասունացումը» կը կատարուի Տիրոջ հետ ունեցած մեր հանդիպումներու միջոցաւ։

Հաւատքը աճեցնել, եւ հաւատքի մէջ յառաջդիմել եւ աճիլ, միշտ հիմնուած է Խաչին վրայ։ Հետեւաբար պէտք է ակնարկը միշտ սեւեռել Յիսուսին, ինչպէս կ᾿ըսէ առաքեալը եբրայեցիներու ուղղած նամակին մէջ (Ա. Կոր Ա.  21.23)։

Սրբազան Հայրը ապա աւելի ծաւալուն կերպով ներկայացուց «յիշողութեան» գաղափարը, հիմնաւորելով զայն աստուածաշնչական մէջբերումներով, ուր կը յայտնուին Աստուծոյ մեծագործութիւնները, եւ ուր սերունդներ դառնալով իրենց արմատներուն, միշտ կը նորոգեն իրենց հաւատքը՝ յիշելով իրենց նախահայրերու պատմութիւնը։ Իսկ այնտեղ ուր սերունդները կը մոռնային Աստուծոյ կատարած գործերը, Աստուած կը յանդիմանէր զանոնք, ինչպէս կը կարդանք մարգարէներուն մօտ։

Իսկ քրիստոնեաներուն համար Սուրբ Պատարագը հաւատքի յիշատակումն է. այն ինչ որ կը կատարուի ամէն օր՝ մեր փրկագործութեան հիմնական արարքին մէջ՝ Տիրոջ չարչարանքներու, մահուան եւ յարութեան մէջ, որ պատմութեան կենդրոնն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ անցնելով «յոյսի» խորհուրդին, բացատրեց, թէ յոյսը միայն ապագայի հայող բան մը չէ։ Յոյսը անցեալէն կը յայտնաբերէ գանձեր, կը հանդիպի հոն Աստուծոյ. նոյն Աստուծոյ, որուն տեսութեան պիտի արժանանանք օր մը։

Յոյսը արդէն ներկայի մէջ կը ճանչնայ թէ իʹնչն է հարկաւորը, թէ իʹնչ եւ իʹնչպէս պէտք է գործէ. որովհետեւ վերջին դատաստանն ալ հիմնուած է այն արարքներուն վրայ, որոնք կը ցուցաբերենք կամ կը զլանանք ուրիշներուն (հմմտ. Մտթ ԻԵ.). իսկական հաւատքը կը դրսեւորուի բարեգործութեան մէջ – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ զատորոշումի մասին հաստատելով թէ ''Ճանչնալ պահի պահանջքը եւ ճիշտ որոշում կայացնել, անհրաժեշտութիւն է''։

''Որդեգրելով այս ուշադիր կեցուածքը՝ չենք տարուիր չարէն, այլ բոլոր պարագաներուն կը տեսնենք Քրիստոսի խաչին յաղթանակը'' շեշտեց Սրբազան Հայրը, որ անցեալին լայնօրէն անդրադարձած էր այս հարցին ու մէջբերումներ կատարեց Evangelii Gaudium իր շրջաբերականէն։

Երկարաշունչ ճառին երկրորդ մասին մէջ Սրբազան Քահանայապետը աւելի  մանրամասն կերպով ներկայացուց Պետրոս առաքեալի կերպարը, իբր օրինակ հաւատքի եւ հաւատքի հասունացումին։ Յիշեց, թէ Պետրոս առաքեալ փորձութիւններէ անցնելով կ᾿աճի եւ կը հասունանայ իր հաւատքին մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Յիսուսին խօսքերը ուղղուած Պետրոսին երբ կը զգուշացնէ զինք սատանայի փորձութիւններէն ''Սիմոն, Սիմոն, ահաւասիկ սատանան ուզեց ձեզ մաղել ցորենի պէս։ Սակայն ես աղօթեցի քեզի համար, որպէսզի քու հաւատքդ չպակսի։ Եւ դուն երբ դառնաս, պիտի հաստատես քու եղբայրներդ։ (Ղուկ 22,31-32)։

Դառնալ կը նշանակէ ապաշխարել ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատել կը նշանակէ ամրապնդել այնպէս որ ոչ մէկ փոթորիկ կարող ըլլայ այդ հաւատքը խախտել։

''Սիմոն Պետրոսի հաւատքը, փորձուած հաւատք է ու այդ փորձութենէն ետք անոր առաքելութիւնն է հաստատել ու ամրապնդել իր եղբայրներուն հաւատքը` մեր հաւատքը'' յարեց Սրբազան Պապը ու խօսեցաւ Պետրոսի հաւատքի աճումի մասին ակնարկելով անոր սկզբնական կոչումին ապա այն պահուն երբ Պետրոս տեսնելով Տէրը որ կը քալէր ջուրերուն վրայէն Անորմէ կը խնդրէ որ իրեն եւս հրամայէ քալել ջուրի վրայէն ու Տիրոջ մօտ երթալ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Սուրբ Պետրոսի երկու անուններուն` Սիմոն ու Պետրոս։ Սիմոնը` ձկնորսն է մինչ Պետրոսը ժայռ եւ իր ուղեւորութեան ընթացքին ան կը փորձարկէ Տիրոջ մօտիկութիւնը, յատկապէս երբ ան կը թերանայ հաւատքին մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ հուսկ Յիսուսի իր աշակերտներուն համար աղօթքի մասին, որպէսզի անոնք կարենան յաղթահարել սատանային թակարդները ու իր ճառին վերջին հատուածին մէջ անդրադարձ կատարեց թէ ինչպէս Յիսուս փորձութեան ճանապարհով աճեցուց իր աշակերտներուն հաւատքը։

Պետրոսին երեք անգամ հարց տուաւ եթէ կը սիրեր զինք միւսներէն աւելի թէեւ Պետրոս ուրացած էր Վարդապետը երեք անգամ։

Եթէ մենք հաւատարիմ ենք Տիրոջ ան միշտ հաւատարիմ է մեզի ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի խօսքերը  ու հաստատեց թէ բարեկամութեան յատկանշական շնորհքը սա է` եթէ բարեկամ մը հաւատարիմ է, կարող է հաւատարիմ դարձնել նաեւ միւսը որ նուազ հաւատարիմ է ու եթէ այդ բարեկամը Յիսուսն է` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Ան ուրիշ որեւէ անձէ աւելի` կարողութիւնը ունի իր բարեկամները հաւատարիմ դարձնել։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.