(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 2 մարտ, 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ անդրադառնալով Աստուծոյ` մարդոց հանդէպ հաւատարմութեան, գրեց , թէ Տէրը ոչ մի երկվայրկեան կը դադրի մարդը սիրելէ եւ անոր քայլերուն հետեւելէ եւ մարդուն մօտ կը վազէ երբ մարդը քիչ մը հեռանայ Աստուծմէ։
՝՝Աստուած միշտ հաւատարիմ է մեզի, Ան ոչ մի պահ կը դադրի մեզ սիրելէ, մեր քայլերուն հետեւելէ, ինչպէս նաեւ մեզի ընդառաջելէ երբ քիչ մը կը հեռանանք'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |