2017-03-02 09:58:00

Հարիւրաւոր ղպտիներ փախուստ կու տան Եգիպտսոի ''ԱԼ Արիշ'' քաղաքէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հարիւրաւոր քրիստոնեաներ հեռացած են Սինա թերակղզիի հիւսիս գտնուող Ալ Ալրիշ քաղաքէն, խուսափելու համար ՏԱՀԵՇ-ին Ղպտիներու դէմ կատարած բռնութեան արարքներէն։ Փախուստ տուող ընտանիքներէն մաս մը հիւրընկալուած են Գահիրէէն 120 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Իսմայիլիա անուամբ  քաղաքի աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ՝ այլ ընտանիքներ հասած են իրենց հարազատներուն մօտ։

Սինա թերակղզիին հիւսիս արեւելեան տարածաշրջանը դարձեալ թիրախ դարձած է ահաբեկչական  արարքներու եւ  կը գտնուի անկայուն վիճակի մէջ վերջերս`  եօթը Ղպտի քրիստոնեաներու  սպանութենէն ետք ՝ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական խմբաւորումի անդամներու կողմէ, որոնք  տեսերիզ մը հրատարակելով նշեցին թէ ''Ղպտիները իրենց նախընտրած որսերն են''

Ղպտիներու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնները  խստիւ դատապարտած է Տար Ալ Իֆթա Եգիպտական կազմակերպութիւնը , որուն նախագահն  է Եգիպտոսի Աւագ Մուֆթին։

Ֆիտես լրատու  գործակալութեան համաձայն, Ղպտի գաղթականներու եւ տարածաշրջանի մէջ քրիստոնեաները  ահաբեկչական արարքներէն պաշտպանելու համար, Ղպտիներու Թավատրոս Բ Պատրիարքը հեռաձայնային կապ պահած է Եգիպտոսոի վարչապետ՝ նախարար Շերիֆ Իսմայիլի հետ։

Նշենք, թէ Ղտպիները Եգիպտոսի  բնակչութեան 10 առ հարիւր կը կազմեն եւ  թէ անոնք միջին արեւելքի մէջ ամենամեծ քրիստոնեայ հասաարակութիւնը կը նկատուին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.