2017-03-02 12:32:00

Գաղափարական հաւատքը կը պաշտէ աստուած մը որ չի կռեր եղբայրներու վէրքերը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեաներու կողմնացոյցը հետեւիլ է Խաչեցեալ Քրիստոսին, Աստուած մը որ մարդացաւ ու իր վրայ կը կռէ մեր եղբայրներու վէրքերը''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի քարոզի առանցքը։

''Քառասնորդացի սկիզբը ապաշխարութեան հրաւէրի կոչը աւելիով կը պնդուի եւ օրուան ծիսակատարութիւնը այդ  յորդորը կը դնէ երեք իրականութիւններու դիմաց` մարդը, Աստուած եւ ուղեւորութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ Մարդուն իրականութիւնը կը կայանայ ընտրել բարիին ու չարին միջեւ։ Աստուած մեզ ստեղծեց ազատ, եւ ընտրանքը մեզի կ՛իյնայ'' հաստատեց Քահանայապետը ընդգծելով նաեւ թէ ասով հանդերձ Աստուած մեզ միայնակ չի թողուր ու մեզի ցոյց կու տայ բարիի ուղին. Ապա կայ Աստուծոյ իրականութիւնը։ Աշակերտներուն համար դժուար էր հասկնալ Յիսուսի` Խաչին ճանապարհը։ Աստուած արդարեւ խոնարհեցաւ եւ ընդունեց մարդկութեան ամբողջական իրականութիւնը բացի մեղքէն։ Առանց Քրիստոսի չկայ Աստուած։ Առանց Քրիստոսի Աստուած մը իսկական աստուած մը չէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, դիտել տալով թէ Աստուծոյ իրականութիւնը մեր փրկութեան համար` Քրիստոս դարձած Աստուած մըն է, ու թէ երբ մենք կը հեռանանք այս իրականութենէն`  Քրիստոսի Խաչէն ու Տիրոջ վէրքերէն, մենք կը հեռանաք նաեւ Աստուծոյ սէրէն ու մեզի վերապահած փրկութենէն ու կ՛ընթանանք գաղափարական ճանապարհի մը վրայ որ հեռու է Աստուծմէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ մեր եղբայրներուն վէրքերը Քրիստոսի վէրքերն են ապա ակնարկեց երրորդ իրականութեան` ուղեւորութեան, մէջբերելով Յիսուսին խօսքը. ''Ով որ կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, խաչը առնէ ու ետեւէս գայ'', ու հրաւիրեց ներկաները հետեւելու Քրիստոսի ճանապարհին ու իրենք զիրենք դնելու ուրիշի ծառայութեան եւ Աստուծոյ պաշտամունքի ճանապարհին վրայ։

Այս է շիտակ ճանապարհը։ Միակ ճանապարհը` հետեւիլ խաչեցեալ Քրիստոսին, խաչի գայթակղութեան, Քրիստոնեայի ուղեցոյցը` որ մեզի ցոյց կու տայ ուղիղ ճանապարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.