2017-03-01 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պրազիլի մէջ եղբայրութեան 54-րդ քարոզարշաւի առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր՝ 1 մարտ 2017-ին, Պրազիլի մէջ  տեղի կ՝ունենայ 2017 թուի եղբայրութեան աւանդական քարոզարշաւը, նախաձեռնութեամբ  հարաւային Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։ 

54-րդ  Քարոզարշաւի նիւթն է ՝՝եղբայրութիւն. Պրազիլեան  կենսոլորտային  համակարգեր եւ կեանքի պաշտպանութիւն,՝՝ որ ունի որպէս հայեցակէտ Սուրբ Գիրքի հետեւեալ  համարը  ՝՝ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ  ու պահէ՝՝։  (Ծննդոց 2, 15)։

Ֆրանչիկսոս Պապ Պրազիլի եղբայրութեան  սոյն քարոզարշաւի առիթով յղեց պատգամ մը, որուն մէջ յայտնեց թէ կը բաղձար քայլարշաւին անձամբ  մասնակցիլ , ապա քաջալերեց աւելի գիտակից դառնալ  համաշխարհային կենսոլորտի մարտահրաւէրներուն, որոնց  դիմագրաւման պարտականութեան`   կանչուած է համայն մարդկութիւնը. Այս կապակցութեամբ  Նորին Սրբութիւնը  յորդորեց,   որ իւրաքանչիւր անձ­ իւրաքանչիւր տեղական հասարակութիւն իրենց   ներդրումը բերեն,   դիմագրաւելու համար <<բնապահպանութեան>> մարտահրաւէրները,  որոնց մասին,  Սրբազան Հայրը  լայնօրէն անդրադարձած է   ՝՝Գովեալ ըլլաս՝՝ բնապահպանութեան եւ հասարակաց տան հանդէպ խնամքի , իր  հրապարակած շրջաբերականին մէջ։

Ֆրանչիկսոս Պապ նշելով որ Աստուած հրաշալի գեղեցկութիւն շնորհած է Պրազիլ երկրին, մատնանշած է նաեւ երկրին` բնութեան անկումի եւ բռնութեան նշաններուն ապա հաստատած է թէ   Եկեղեցին՝  բնութեան հանդէպ խնամքի եւ յարգանքի  ինչպէս նաեւ  աղքատներու նկատմամբ  եղած է  մարգարէական ձայն մը։   Եկեղեցին, ոչ միայն  հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց կենսոլորտի հարցերն ու մարտահրաւէրները  այլ  զանազան լուծումներ  կ՝առաջարկէ շրջանցնելու համար զանոնք՝ յայտնեց  Ֆրանչիսկոս Պապ ու  Եկեղեցւոյ ձեռնակներու ծիրէն ներս թուեց 1979 թուականին եղբայրութեան քարոզարշաւի նիւթը , ՝՝ի սպաս աւելի մարդկային աշխարհի։՝՝ 

Նորին Սրբութիւնը  ապա  անդրադարցաւ   այս տարուան քայլարշաւի նիւթին. որ ներշնչուած է Սուրբ Գիրքէն  , յարելով , թէ յիշեալ կարգախօսը հրաւէր մըն է խոկալու եւ հիանալու ինչպէս նաեւ  յարգելու բնութեան  մէջ գտնուող զանազանութիւնները ՝  որոնք Աստուծոյ պարգեւներն են, յարգալիր յարաբերութիւն մշակելով բնութեան հետ ինչպէս նաեւ զանազան մշակոյթի պատկան մարդոց հետ ։

Սրբազան Հայրը ակնարկելով հուսկ  Պրազիլի բնիկ ժողովուրդներուն, յայտնեց թէ անոնք տիպար կը հանդիսանան բնութեան մէջ ապրելու եւ յարաբերելու ոճին։

Ի վերջոյ անդրադառնալով քառասնորդաց Պահքի շրջանին,  Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ, որ ամէն տարի եղբայրութեան քարոզարշաւը կը կայանայ քառասնորդաց շրջանի ընթացին,   ու այս առումով հրաւիրեց  քարոզարշաւի բոլոր անդամները աւելի գիտակցութեամբ եւ վճռակամութեամբ ապրիլ Սուրբ Զատիկի հոգեւորականութիւնը։

Ան Պատգամը աւարտեց արդիւնաբեր քարոզարշաւ մախթելով եւ Աստուծոյ աղօթք բարձրացնելով որ եղբայրութեան 2017 թուի քարոզարշաւը  հասնի իր նպատակներուն, ապա Պրազիլի համայն ժողովուրդին վրայ հայցեց Ափարասիտայի Տիրամօր հովանին՝ մասնաւորպաէս այս տարի` որ Տիրամօր տարին կը նշուի։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.