2017-02-28 10:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ ըստ լատինաց օր մոխրոցի արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 1 մարտ 2017-ին, ըստ լատինաց օր մոխրոց է որով սկիզբ կ՛առնէ քառասնորդացի պահքի շրջանը։
Այս առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, Ե. դարուն կառուցուած` ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կը նախագահէ Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը որ սկիզբ կ՛առնէ ''ապաշխարութեան'' թափօրով` Սանդ Անսելմօ եկեղեցիէն ուղղուելով դէպի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ, մասնակցութեամբ կղերական դասին, Կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ երկու եկեղեցիներու կրօնաւորական Միաբանութիւններու անդամներուն` Պենետիկտեան եւ Տոմինիքեան հայրերը, ու աշխարհական հաւատացեալներուն։
Ժամը 5-ին Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Սապինա Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ մոխրոց օրհնութիւնն ու հաւատացեալներուն գլուխներուն վրայ զետեղումը, որով կը յիշուի՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդը ''հող էր ու հող պիտի դառնայ''։
Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։ Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութեան ներգործութիւններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.