
Սուրիոյ բանակը՝ դաշնակից ուժերու օգնութեամբ՝ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները դուրս մղած է
Փալմիրի շրջանի ռազմավարական տեսանկիւնէն կարեւոր բարձունքէն: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ
լրատու գործակալութիւնը։
Զինուորական աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ գործողութեան ընթացքին
սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի մեծաթիւ զինեալներ եւ ոչնչացուած են զէնք, զինամթերք եւ փոխադրամիջոցներ:
Անցեալ շաբաթ բանակային ստորաբաժանումները դաշնակիցներու հետ միացեալ յարձակումի
մը ընթացքին Փալմիրի շրջանին մէջ վերականգնած էին իրենց վերահսկողութիւնը քանի մը գիւղերու
վրայ:
Փետրուարի կէսերուն հաղորդուած էր, որ Փալմիր հասնելու համար կառավարական զօրքերուն
մնացած է 20 քիլոմեթր: Սուրիական բանակի յարձակումը կը ծաւալի Ռուսիոյ օդուժին օգնութեամբ: