2017-02-28 09:11:00

Հայր Ճուլիօ Միքելինի Քահանայապետի հոգեւոր կրթութեան քարոզիչը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի Մարտ մէկին` Լատին Եկեղեցին կը նշէ մոխրոց օրը որով սկիզբ կ՛առնէ Պահքի շրջանը, որուն առթիւ ապա, աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը եւ Հռոմի Քուրիայի անդամները կը մասնակցին Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան, որ մի քանի տարիէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ Հռոմի շրջակայքը գտնուող Արիչչայի անուամբ գիւղաքաղաքի` ''Աստուածային Վարդապետ'' կեդրոնին մէջ, եւ որ սկիզբ կ՛առնէ յառաջիկայ կիրակի 5 մարտին ու կ՛աւարտի ուրբաթ 10 մարտին, եւ որուն քարոզիչն է  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ` 53 ամեայ Հայր Ճուլիօ Միքելինիի` Ասսիզիի Աստուածաբանական Կաճարի դասատու, որ այս տարուայ որպէս խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած է  ''Յիսուսին չարչարանքները, մահն ու Յարութիւնը'' ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին տրուած ըլլալով որ հայր Ճուլիօ Միքելինի Մատթէոս Աւետարանիչի  մասնագէտ է, Մատթէոսի աւետարանը որ առաջին աւետարանն է ու կը կոչուի ''Եկեղեցական աւետարան'' որովհետեւ միակ տեղն է որ օգտագործուած է Եկեղեցի բառը։

Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայր Միքելինի յայտնած է թէ Մատթէոսի կոչումը յատկանշական է որովհետեւ այդ կոչումին մէջ կայ Յիսուսի ողորմած հայեացքը։ Հայր Միքելինի ապա յայտնած է թէ Քառասնորդացի շրջանը, ժամանակ է խորհրդածելու ու մենք մեզի հարց տալու. Ո՞ւր կ՛երթանք։ Ի՞նչ կ՛ընենք։ Ո՞վ է մեզ առաջնորդողը։ Ինչպէ՞ս ապրիլ առօրեայի յարաբերութիւնները։ Ան ապա առաջարկած է Պահքի շրջանի ընթացքին ծոմ պահել նաեւ այն բոլոր բաներէն որ մեզ կը ձրուեն, որպէսզի կարենանք պահ մը կանգ առնել ու խորհրդածել, որովհետեւ կարիքը ունինք խորհրդածութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.