2017-02-28 10:06:00

Լրագրողներու պաշտպան մարմինը կը քննադատէ մամուլին վրայ Թրամփի յարձակումները


 Լրագրողներու իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութեան պատկանող Լրագրողներու պաշտպան յանձնախումբը, Փետրուար 25ին քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ մամուլին վրայ շարունակուող յարձակումները եւ լրագրողները իբրեւ ժողովուրդին թշնամիներ ներկայացնելու անոր քայլերը՝ յիշեցնելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է ջատագովը ըլլայ մամլոյ ազատութեան։
Կազմակերպութիւնը շեշտեց, թէ Թրամփ պէտք է գիտակցի, որ իր որդեգրած այս մօտեցումը պիտի քաջալերէ մամլոյ ազատութիւններ ոտնակոխող եւ մամուլը լռեցնել փորձող Թուրքիոյ, Եթովպիոյ, Վենեզուէլլայի եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավաները, որ աւելիո՛վ սաստկացնեն լրագրողներու վրայ իրենց յարձակումները՝ դժուարացնելով մամլոյ ազատութիւն ապահովելու նպատակով կազմակերպութեան տարած ջանքերը։
Նշենք, որ անցեալ Ուրբաթ օր, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած մամլոյ կիսապաշտօնական ասուլիսէ մը մամլոյ հեղինակաւոր կարգ մը ներկայացուցիչները հեռու պահելու եւ միաժամանակ՝ ազգայնամոլ կայքերու ներկայացուցիչներուն մուտքը արտօնելու որոշումը եւս դատապարտուեցաւ մամուլին կողմէ, մինչ Թրամփ յայտարարեց, թէ ներկայ պիտի չգտնուի Սպիտակ տան լրագրողներու միութեան կազմակերպած տարեկան ընթրիքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 29ին։ Այս տարեկան հաւաքի կազմակերպման առաջին օրէն ի վեր (1921), բացի Թրամփէն՝ միայն երկու նախագահներ չեն մասնակցած անոր, իսկ Ռանլըտ Ռիկըն եղած է վերջին նախագահը, որ բացակայած է անկէ 1981ին, որովհետեւ ան կ՛ապաքինէր իր դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.