2017-02-27 09:11:00

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց ընդառաջելու քաղաքացիներու պահանջներուն


Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակնօրեայ իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց երկրի պատասխանատուներուն «ուրախացնելու քաղաքացիները` ընդառաջելով անոնց պահանջներուն, եւ զերծ պահելու զանոնք բողոքի ելոյթներու տաղտուկէն»:

Ռայի պատրիարքը «տգեղ» որակեց իշխանութեան առնչակից պատասխանատուներուն կողմէ քաղաքացիներու շահերը պահպանող սահմանադրական թէ ընկերային պահանջներու ձգձգումը` ակնարկելով պետական պիւտճէի եւ աշխատավարձերու յաւելման ձգձգումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.