2017-02-27 08:39:00

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնը


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հոկլընտ (Միացեալ Նահանգներ) Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ լարուածութեան վերջին աճին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած են: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու տեղեկութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներու համաձայն, Փետրուար 25-ի կանուխ առաւօտեան սահմանագիծին վրայ արձանագրուած է զինադադարի լուրջ խախտում, որուն պատճառով կան վնասուածներ: Քանի մը մարմիններ տակաւին կը մնան «չէզոք գօտի»-ին վրայ: Կողմերը զիրար կը մեղադրեն ներթափանցման փորձին համար: Համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն՝ նախապէս սահմանագիծին մօտեցուած ծանր սպառազինութիւնը պահել ներկայ դիրքերուն մէջ եւ արտօնել վերցնել մահացածներու մարմինները, ինչպէս երէկ համաձայնութիւն գոյացած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին միջնորդութեամբ: Համանախագահները կը յիշեցնեն կողմերուն ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու իրենց յանձնառութիւններուն մասին»,- ըսուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.