2017-02-26 11:30:00

Կիրակի 26 Փետրուար 2017 - Բուն Բարեկենդան


Ա. Ի՞նչ կ՛արժէ մարդուն եթէ բոլոր աշխարհը շահի եւ իր կեանքը կորսնցնէ.

            Այսօր Եկեղեցին կը սկսի քառասնորդաց շրջանը, որ կը կոչուի նաեւ մեծ Պահքի շրջան. Մեզ կը հրաւիրէ մտածելու մեր հոգւոյն մասին, յատուկ կերպով, այս բոլոր շրջանին։ Մինչեւ հիմա մեր գլխաւոր մտահոգութիւնն է թէ ինչպէս պիտի ապրինք, ինչ պիտի ուտենք, ինչ պիտի խմենք, ինչպէս կեանքը պիտի վայելենք։ Այսօր հարկ է որ մտածենք մեր հոգւոյն մասին, թէ ինչ պէտք է ընենք ժառանգելու համար յաւիտենական կեանքը, ինչ ընելու ենք աւելցնելու համար մեր հաւատքը, ինչպէս ապրինք մեր սէրը եւ գիտնանք ներել մեր ընկերոջ. Եթէ նոյնիսկ աշխարհի բոլոր վայելքները ունենանք, կրնա՞նք մոռնալ թէ օր մը Աստուծոյ ատեանին առջեւ պիտի ներկայանանք, հաշիւ տալու համար։

Բ. Ինչու՞ զրկելու ենք մենք մեզ ուտելիքէն եւ վայելքներէն.

 Դժբախտաբար ծոմը եւ պահքը դարձած են անկարեւոր միջոցներ այս դարուս մէջ, որովհետեւ մարդոց մտածելակերպը փոխուած է. մարդ պէտք չէ զրկուի իրեն ընծայուած հաճոյքներէն։ Զոհողութեան արգելքները նկատի չեն առնուիր այլեւս։ Ինչու՞ օրինակ չառնենք ոչ քրիստոնեայ կրօնքներէն որոնք տակաւին մեծ հաւատարմութեամբ ծոմ կը պահեն. Արդեօք անոնք անխե՞լք են. Մեր հայրերը որ այս օրէնքները դրած էին եւ կը գործադրէին, արդեօք նոյնպէս յիմա՞ր էին։ Իրականութեան մէջ, միայն մեր մարմնական հաճոյքները զրկելով է որ պիտի կարենանք հոգին զօրացնել։ Մեր անձը պէտք է որ հաւասարակշռենք այս շրջանի ընթացքին, թեթեւցնելով մարմնաւորը մեր մէջ. Ծոմապահութեամբ, պահեցողութեամբ եւ այլ զրկանքներով, ու զօրացնելով հոգեւորը, աղօթքով, հոգելից արարողութիւններու մասնակցելով եւ բարի գործեր կատարելով:

Գ. Այս տեսակ սատանան միայն պահքով եւ աղօթքով կարելի է հեռացնել։

Քրիստոս այս խօսքը կ՛ուղղէ Առաքեալներուն, որոնք չէին կրցած սատանայ մը հանել մանուկի մը մէջէն։ Այսօր սատանայական ուժերը պատերազմ հռչակած են Եկեղեցւոյ դէմ, ուստի եւ ամէն մէկ քրիստոնեայի դէմ. Ամէն ջանք կը թափեն մեր մէջէն խլելու համար հաւատքը։ Եթէ անտարբեր մնանք, ամէնուն հետ մենք ալ կը կորսուինք եւ կը հրաժարինք յաւիտենական երջանկութենէն։ իսկ եթէ կ՛ուզենք պայքարիլ, ահա մեր զէնքերը, պահքը եւ աղօթքը։ Ուստի չխաբուինք աշխարհէն, բայց մանաւանդ չխաբենք մենք մեզ թէ առանց աղօթքի ու ծոմապահութեան` կրնանք փրկել մեր հոգին։

Դ. Ներէ Տէր մեր յանցանքներուն, ինչպէս մենք կը ներենք ուրիշներուն:

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ Հայր մեր աղօթքը: Որպէսզի կարենանք այս աղօթքը ըսել առանց հակառակելու մենք մեզի, հարկ է որ մեր սիրտը մաքուր ըլլայ, այսինքն զերծ ամէն տեսակ ոխակալութենէ եւ ատելութենէ, գիտնանք սիրել մեր ընկերը եւ մանաւանդ գիտնանք ներել բոլոր սրտով անոնց որ մեզի դէմ յանցանք գործած են: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.