2017-02-23 13:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 23 փետրուարի քարոզը՝՝ կրկնակի կեանքի գայթակղութեան մասին''


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 23 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց կրկնակի կեանք վարելէն եւ փոքրիկներուն գայթակղութիւն պատճառելէն,  ապա յորդորեց  չի յետաձգել դարձի գալու ժամանակը։

Ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն Նորին Սրբութիւնը  քարոզը կեդրոնացուց  գայթակղութեան նիւթին վրայ։ ՝Գայթակղութիւն կը նշանակէ բան մը ըսել եւ ուրիշ բան գործել` կրկնակի կեանք վարել'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս  Պապ ՝՝ ապա թուեց օրինակ մը ՝՝Ես Կաթողիկէ հաւատացեալ եմ, պատարագի կը մասնակցիմ, կը պատկանիմ այս կամ այն ընկերակցութեան, սակայն իմ վարած կեանքս քրիստոնէական  չէ որովհետեւ  արդար կերպով չեմ հատուցեր իմ պաշտօնեաներս, ու մարդիկը կը շահագործեմ կամ ալ քրէական գործեր կը կատարեմ....՝՝ Ահա այս է կրկնակի կեանքը ըսաւ Սրբազան Հայրը   աւեցնելով որ այսպիսի  ապրում  մը գայթակղութեան պատճառ կը  դառնայ  ապա  ամէն ինչ  կը կործանէ որովհետեւ  գայթակղութիւնները կործանարար են։ Յիսուս Աւետարանին մէջ այդ գայթակղեցուցիչ  անձերու մասին կ՛ըսէ,  թէ երբ երկնքի դրան դուռը փակեն պիտի լեսն ձայն մը որ իրենց պիտի ըսէ ''չեմ ճանչնար քեզ''։ ՝՝կրկնակի կեանքի ապրումը  յառաջ կու գայ սրտի կիրքերուն հետեւելէն՝՝ ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը զգուշացնելով հարստութիւն դիզելու փորձութենէն ու հրաւիրելով դարձի եւ ապաշխարութեան։

Հարց տանք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  եթէ կրկնակի կեանք  կը վարենք թէ ոչ ապա դարձեալ հրաւիրեց ընդունելու մեր սխալները ու ներում հայցել ու շտկել մեր ընթացքը որովհետեւ Տէրը մեզի կը ներէ ամէն ինչ ըսաւ Ան առաջարկելով չյետաձգել այդ դարձի քայլը ու մտաբերել թէ Յիսուս շատ խիստ է  ''գայթակղութիւն'' յառաջացնող անձերու նկատմամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.