2017-02-23 09:13:00

Եւրոմիութիւնը մերժած է Ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը


Եւրոմիութիւնը, հրաւիրելով Ատրպէյճանը գործակցութեան համաձայնագիր կնքելու, մերժած է ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի փոխղեկավար եւ արտաքին յարաբերութեանց բաժինի պետ Նովրուզ Մամետով՝ ըստ «Էյ.-Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան:

Մամետով աւելցուցած է, թէ Եւրոմիութեան այդ կեցուածքին պատճառով էր, որ 2015-ին կայացած «Արեւելեան գործընկերութիւն»ի գերաստիճանին ընթացքին Պաքու մերժեց որեւէ փաստաթուղթ ստորագրել:

Յատկանշական է, որ նախապէս Պաքուի այս որոշումին համար այլ պատճառաբանութիւններ տրուած էին։

Մամետով աւելցուցած է, թէ մինչ գերպետութիւններու առաջնորդները կը խօսին Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու կարեւորութեան մասին, անոնք մոռցած են Ատրպէյճանի պարագան:

Նշենք, որ Եւրոմիութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական սերտ գործակցութիւն նախատեսող «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրը առաջադրած էր Հայաստանին, Ատրպէյճանին, Պելոռուսին, Վրաստանին, Մոլտովային եւ Ուքրանիոյ, որոնցմէ միայն վերջին երեքը կնքած են համաձայնագիրը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.