2017-02-23 09:18:00

՝՝Մեր երկիրը կը պաշտպանենք բոլորս միասին՝՝ Բակօ Սահակեան


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը՝ Հայրենիքի պաշտպաններու տօնին առիթով:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով՝ ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Հայրենիքի պաշտպանի օրուան առիթով:
Կը շնորհաւորեմ մեր քաջ զինուորները, սպաները, զօրավարները, որոնք իրենց ամենօրեայ անձնուէր ծառայութեամբ կը պաշտպանեն մեր երկրի ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բոլոր անոնց, որոնք օրհասական պահուն կը կանգնին սահմանը պահող զինուորի կողքին եւ իրենց անգնահատելի մասնակցութիւնը կը բերեն հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:
Այսօր տօն է մեր ողջ ժողովուրդին համար, քանի որ, ինչպէս բազմիցս նշած ենք, մեր երկիրը մենք կը պաշտպանենք բոլորս միասին` շինարարն ու բժիշկը, մանկավարժն ու բարերարը, հեռաւոր գիւղի բնակիչն ու սփիւռքահայ դպրոցականը: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը կրկին ապացուցեց այդ անհերքելի ճշմարտութիւնը: Հայրենիքը երախտապարտ է իր նուիրեալներուն:
Թանկագի՛ն բարեկամներ,
Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք, մեր զինուորներուն` ամուր ոգի եւ անփորձանք ծառայութիւն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.