2017-02-22 13:00:00

Պետական Քարտուղարութիւնը վերահսկողութեան կ՛ենթարկէ Քահանայապետի պատկերներու շահագործումը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութիւնը վերահսկողութեան պարբերական քննաքրկումներ պիտի կատարէ, հսկողութեան ենթարկելու Սրբազան Քահանայապետին պատկերներու ու Սուրբ Աթոռի զինանշաններու շահագործումը, եւ անհրաժեշտութեան դէպքին միջամտելով համապատասխան միջոցներով'' այս  ազդարարութիւնը պարունակուած է Պետական Քարտուղարութեան  կողմէ, չորեքշաբթի 22 փետրուարին, հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ, որուն մէջ նշուած է նաեւ  թէ Պետական Քարտուղարութեան պարտականութիւններու շարքին է` պաշտպանել Սրբազան Քահանայապետին կերպարը որպէսզի Անոր հաղորդած պատգամը հաւատացեալներու հասանելի ըլլայ իր անձեռնմխելի հաւատարմութեամբ ու անոր Անձը շահագործումի չ՛ենթարկուի''։

''Այս նոյն նպատակով Պետական Քարտուղարութիւնը կը պաշտպանէ նաեւ Սուրբ Աթոռի զինանշանները,  միջազգայնօրէն ճանչցուած օրէնսդրութեան հիման վրայ'' գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.