2017-02-21 14:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝ թող որ փառասիրութեան փորձութիւնը յաղթահարուի նաեւ եկեղեցւոյ մէջ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Թող, որ Տէրը մեզի շնորհէ  փառասիրութեան փորձութենէն ամօթ զգալու շնորհքը, փորձութիւն մը, որուն թիրախ է ամէն անհատ ու նաեւ  եկեղեցական հասարակութիւններ ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի , երեքշաբթի, 21 փետրուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ արտասանած քարոզին նիւթը։    

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ առաքեալներու առաջին փորձութեան մասին, որ պատահեցաւ երբ Յիսուս իր մահուան մասին կը խօսէր, առաքեալները սակայն չի հասկնալով  Անոր խօսքերը վախցան Յիսուսին հրացնելու՝ թէ ի՞նչ բանի մասին կը խօսէր։ Այս մէկը ըսաւ Սրբազան Հայրը`  առաքելութիւն չկատարելու փորձութիւնն է,  աւեցնելով թէ  Յիսուս  եւս անապատին  մէջ սատանային կողմէ   փորձութեան ենթարկուեցաւ երեք անգամ։        

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ աւետարանի մէջ մատնանշուած առաքեալներու այլ փորձութեան մասին, երբ անոնք կը վիճէին թէ ով էր իրենց  մէջ  աւելի  մեծը։

Երբ Յիսուս հարց կուր տայ  անոնց թէ ինչի մասին կը վիճէն, առաքեալները դադրեցան խօսելէ, լուռ մնացին, որովհետեւ ամօթ զգացին իրենց կատարած վէճերուն պատճառաւ ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց

''Առաքեալները կ՝ուզէին ծառայել եւ հետեւիլ Յիսուսին,  սակայն անոնք չէին գիտեր, որ Տիրոջ ծառայութեան ուղին դիւրին ուղի  չէ''։ Ծառայել Քրիստոսին չի նշանակեր անդամակցիլ բարեսիրական  ընկերութեան մը ,  շեշտեց Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ աշխարհիկութեան փորձութեան, զանազան օրինակներ թուելով ժողովրդապետութիւններէն ներս տեղի ունեցող վէճերու մասին, ինչպէս է պարագան բազմաթիւ եկեղեցականներու,  որոնք կը վիճին թէ ով պիտի ստանձնէ այս կամ այն պաշտօնը, աշխարհիկութեան փորձութիւն՝ կարեւոր անձ դառնալու փորձութիւն՝ փառասիրութիւն – ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզին աւարտին հրաւիրեց , Տիրոջմէ հայցել ամօթ զգալու շնորհքը  եւ աղօթել եկեղեցւոյ համար, որպէսզի Տէրը մեզ փրկէ փառասիրութեան եւ աշխարհիկութեան փորձութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.