2017-02-21 15:36:00

Տոկալ ու չնահանջել կը պատգամեն Վարդանանք


Դարեր շարունակ, ցայսօր, հայ ժողովուրդի գիտակցութեան եւ հոգիին մէջ դրոշմուած  Աւարայրի ճակատամարտին յիշատակը ոգեկոչելու կը հրաւիրուինք ազգովին, ուր որ ալ գտնուինք, սրահներու մէջ, յուշակոթողներու դիմաց կամ մեր եկեղեցիներու  խորաններէն։

Տարին  օր մը, մէկ օր, ինչպէս այսօր, կը մէկտեղուինք նշելու համար 1566 տարիներ առաջ մայիսեան առաւօտ մը պատահած ճակատամարտ  մը, որուն առասպելատիպ Հերոսը դարձուցած ենք մեր զաւակներուն պաշտամունքին առարկան։ Ասիկա կատարած ենք յաճախ սովորամոլութեամբ, ազգային բնազդով, թելադրուած մեր վաղ մանկութենէն մեր  հոգիներուն մէջ դրոշմուած եւ մեր մատղաշ միտքերուն համար դեռ  եւս անհասկնալի այն համոզումէն  որ   Հայոց պատմութեամբ նուիրագործուած  Աւարայրի ճակատամարտին կտրիճները  գիտակից մահուամբ մահը յաղթահարեցին, Յիսուսին նման։ Անոնք մահուամբ յաւերժագիր տուին իրենց ազգին,  մահուամբ ամրագրեցին   մեր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը,  ազգային ինքնութիւնը, որով Հայը դարձուցին հոմանիշ քրիստոնեայի, իսկ Քրիստոնէութիւնը պիտակ՝ Հայուն։

Զոյգ ինքնութիւններ ու պատկանելիութիւն՝ որոնք դաւանանքային բարեմասնութիւնները եւ ազգային արժանիքները հոյակապօրէն կը միաձուլեն մէկ մարմնի մէջ, Հայկական ինքնութեան տարազին մէջ։ Եւ ամէն Հայ՝ իր այս միաձուլուած զոյգ պատկանելիութեամբ կը մկրտէ ինքզինք վաղ մանկութենէն, կը մկրտէ՝ ինքզինք դաւանելով թոռը Քաջն Վարդանի, բարբարելով դեռ եւս  կազազուն լեզուով.- ՀԱ՛Յ ԵՄ ԵՍ, ՔԱՋ ՎԱՐԴԱՆԻ ԹՈՌՆ ԵՄ ԵՍ։

Յետ քրիստոնէական աւազանի մկրտութեան, ծերունազարդ տատիկին ու պապիկին շունչով եւ արեան ձայնով կատարուած այս ինքնամկրտութիւնը տարիներու թաւալումին հետ կը դառնայ ազգային .

   ու քրիստոնէական յանձնառութիւն, ապրում, մտքի ու հոգիի ներշնչման աղբիւր։

   451 թուի Մայիսի 26ին, Մակու լերան մերձակայ Արտազ գաւառի Աւարայր գիւղին մօտ,  Տղմուտի ափին, անհաւասար մարտի մէջ պարտուեցան հայերը։

Բայց ի՜նչ պարտութիւն էր այդ որ վերափոխուեցաւ հրաշափառ յաղթանակի, նման հրաշափառ Յարութեանը Քրիստոսի։ Ինչպէ՞ս պարտութիւն կրնայ որակուիլ նահատակութիւնը դիւցազուններու, երբ անխոցելի մնաց անոնց հոգին, անընկճելի անոնց կամքը։

Ինկան անոնք, բայց չնահանջեցին.

   Չընկրկիլ ու չնահանջել քրիստոնէական հաւատքի կռուաններէն։ Չնահանջել բարոյական բարձր սկզբունքներու դիրքերէն, ազգային, մշակութային ու հոգեկան գանձերու անվթար պահպանման գուպարին մէջ։ Ա՛յս էր Հայուն կարգախօսը երէկ, ասիկա պէտք է ըլլայ զինք առաջնորդող առաջադրանքը նաեւ այսօր։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.