2017-02-21 09:11:00

Արցախ ունի նոր սահմանադրութիւն. ԿԸՅ-ն հրապարակեց նախնական արդիւնքները


Արցախի Հանրապետութեան Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը Փետրուար 21-ի` ժամը 3.00-ի դրութեամբ հրապարակեց երէկ` Փետրուար 20-ին, հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէի նախնական արդիւնքները:

Ըստ ԱՀ ԿԸՀ հրապարակած արդիւնքներուն` 103 հազար 793 ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներէն մասնակցած է 79 հազար 428 քաղաքացի, որ կը կազմէ ընդհանուր թիւին 76,44 տոկոսը: Կողմ քուէարկուած քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 69 հազար 540 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 87,6 տոկոսը, դէմ քուէարկուած քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 7 հազար 686 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 9,7 տոկոսը, անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 2202 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 2,8 տոկոսը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.