2017-02-20 12:04:00

Ֆրանչիսկսո Պապ ՝՝Աղօթքը ատելութեան հակաթոյնն է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 19 փետրուարին՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ այցելեց Հռոմի արուարձանները գտնուող ՝՝Սանթա Մարիա Ժոսէֆա Տէլ Քուորէ Տի Ժէզու՝՝ ժողովրդապետութիւն: 15 տարի առաջ ՝ ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ կառուցման աւարտին, ժողովրդապետութեան այցելութիւն տուած էր նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին համար՝ այցելութիւնը հանդիսացաւ Հռոմի՝ իր թեմի ժողովրդապետութիւններուն կատարած հովուական 13-րդ այցելութիւնը։

Հռոմի աղքատ շրջանի մէջ գտնուող ՝՝Սանթա Մարիա Ժոսէֆա Տէլ Քուորէ Տի Ժէզու՝՝ ժողովրդապետութեան մէջ Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ, երիտասարդներուն, վերջերս մկրտուած նորածիններուն ու անոնց հարազատներուն. տարեցներուն եւ ժողովրդապետութեան հոգածութեան տակ գտնուող աղքատ ընտանիքներուն հետ։

Սրբազան Հայրը, քրիստոնէական դասընթացքի հետեւող մանուկներուն ու երիտասարդներու հետ  ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանեց իրեն ուղղուած կարգ մը հարցումներուն։ Ապա  Ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը   Սուրբ  Պատարագի զոհը մատուցեց,  ու այդ առթիւ արտասանած  քարոզը կեդրոնացուց  սրբութեան ուղիին վրայէն ընթանալու վրայ,  եւ  Աստուծմէ խնդրել  քէն չպահելու պարգեւը եւ թշնամիներուն համար  աղօթելու շնորհքը։ Սրբազան Հայրը  անպատատրաստից քարոզին մէջ  զգուշացուց  վրէժխնդրութիւնէն, հաստատելով թէ ՝՝վրէժխնդրութիւնը՝՝  մաս չկազմեր Քրիստոնաէական բառամթերքին։ Ան յորդորեց մոռնալու մեր դէմ կատարուած  ամբաստանութիւնները եւ ընդգրկել ներողամտութեան ուղին եւ սրտանց ներել , որովհետեւ ասիկա է   սրբութեան միակ  ուղին – ըսաւ Ան -  զոր  հեռու կը պահէ հակամարտութիւններէն։

՝՝Եթէ աշխարհի բոլոր այր մարդիկ ու կիները սորվին ներել,  պատերազմները պիտի դադրէին՝՝ ըսաւ Սրբազան հայրը աւեցնելով, որ հակամարտութիւնները սկիզբ կ՝առնեն վրէժխնդրութեան փափաքէն՝՝։ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա հաստատեց թէ  Աստուած վեհանձն է , Ան մեծ սիրտ ունի եւ բոլորին կը ներէ եւ ողորմած  է, հուսկ՝  յորդորեց նմանիլ Աստուծոյ՝ կատարեալ եւ Սուրբ,   նոյնիսկ աղօթելով մեր թշնամիներուն համար։

Աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք պատերազմներու մէջ մանուկները կը սպանեն , որպէսզի  անոնք դարձի գան։  ՝՝Այս մէկը  դժուար է՝՝  ըսաւ Սրբազան Հայրը  սակայն՝ անհրաժեշտ է ,  որովհետեւ աղօթքը, հակաթոյն է ատելութեան, դէմ է պատերազմներուն, այն   պատերազմները,  որոնք սկիզբ կ՝առնեն ընտանիքներուն եւ թաղամասերուն մէջ։

Վերջապէս  Ֆրանչիսկոս Պապ  դարձեալ շեշտը դնելով աղօթքի զօրութեան վրայ որ կը յաղթահարէ չարը եւ խաղաղութիւն կը յառաջացնէ, հրաւիրեց բոլորը , Աստուծմէ հայցելու թշնամիներուն համար աղօթելու շնորհքը ինչպէս  նաեւ խաղաղութեան շնորհքը,  որ մինակ ուղին է զոր  կ՝առաջնորդէ դէպի սրբութիւն եւ կատարելութիւն՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.