2017-02-20 09:44:00

Պետրոս Արք. Միրիաթեան երախտագիտութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան


Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան Փետրուար 19-ին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն մարդասիրական օժանդակութեան հասած վայր՝ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնեց Հալէպի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսին եւ ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Պաւել Կէօզալեանին, ինչպէս նաեւ ռուս զինուորներուն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին աջակցութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.