2017-02-20 09:33:00

Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ կ՝ընթանայ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն


 

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ այսօր` Փետրուար 20-ին, կ՝ընթանայ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ընտրական տեղամասերը բաց պիտի ըլլան առաւօտեան 08:00-էն մինչեւ երեկոյեան 20:00: ԼՂՀ-ի մէջ կայանալիք հանրաքուէին հետեւելու համար՝ Արցախ ժամանած են փորձագէտներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Ընտրատեղամաս բացուած է նաեւ Երեւանի մէջ` Հայաստանի մէջ բնակող ԼՂՀ քաղաքացիներուն համար:

Սահմանադրական փոփոխութիւնները կ՝ենթադրեն անցում կառավարման նախագահական համակարգին: Գործող սահմանադրութեամբ, որ ընդունուած է 2006-ին, ԼՂՀ-ի մէջ կառավարման կիսանախագահական համակարգ է:

Վերոնշեալ բարեփոխումներուն նպատակն է մարդու ազատութիւններու եւ հիմնարար իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան, իշխանութեան ճիւղերու միջեւ հաւասարակշռութեան ամրապնդումն ու բարելաւումը, ինչպէս նաեւ պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:

Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ Ազգային ժողովը Յունուար 17-ին հաւանութիւն տուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու փաթեթին: Փաթեթին կողմ քուէարկած է 20, դէմ 7 պատգամաւոր, եւս մէկ պատգմաւոր մնացած է ձեռնպահ:








All the contents on this site are copyrighted ©.