2017-02-20 09:13:00

Գաղթականութեան ու խաղաղութեան մասին միջազգային 6-րդ գիտաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատին մէջ`  21 եւ 22 Փետրուարին­ տեղի կ՛ունենայ գաղթականութեան ու խաղաղութեան մասին  Զ միջազգային Ֆորումը որուն բնաբանն է ''Ներառում եւ զարգացում. Հակադարձութենէն ներգործութիւն''։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի, Սքալապրինեան միաբանութեան ''International Migration Network'' հաստատութեան եւ Քոնրատ Ատընաուըր Հիմնարկի համագործակցութեամբ։

21 Փետրուարին  նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպում, մինչ 22 Փետրուարի ելոյթներու շարքին նախատեսուած է նաեւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի զեկոյցը։

Ֆորումի նպատակն է  միջ-կառավարական գործակալութիւններու, միջազգային հաստատութիւններու ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու միջեւ զարգացնել գործընկերութիւն  ի սպաս գաղթականութեան երկու հիմնական ծաւալներու հայող քաղաքականութեան ու ծրագիրներու սահմանումին. Գաղթականներու ու ապստանեալներու ներառումը զանոնք ընկալող երկիրներուն մէջ, ապա զարգացումի ծրագիրներու մշակում այն երկիրներուն մէջ ուղտերէն գաղթականները կը փախչին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.