2017-02-19 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ու Քոնկոյի ի սպաս կոչը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քոնկոյի հանրապետութեան կեդրոնական Քազայի շրջանէն կը շարունակեն ժամանել բռնարար ու դաժան հակամարտութիւններու մասին լուրեր։ Խոր ցաւ կը զգամ զոհերուն համար որոնց շարքին կան բազմաթիւ մանուկներ որոնք իրենց ընտանիքներէն ու դպրոցներէն հեռացուած են ու մանուկ զինուոր դարձած են։  Իմ մօտութիւնս եւ աղօթքս կ՛ապահովեմ, նաեւ այդ շրջանի մէջ կրօնական ու մարդասիրական ծառայութեամբ զբաղող անձնակազմին ու կը նորոգեմ կոչս` ազգային իշխանութիւններու եւ միջազգային հասարակութեան խղճին, որպէսզի ատակ ու շտապ որոշումներ որդեգրուին օգնութեան հասնելու մեր այդ եղբայրներուն եւ քոյրերուն''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչը, արտասանուած Կիրակի 19 Փետրուարի կէսօրին,  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել Քոնկոյի ու ''Ափրիկեան ցամաքամասի բոլոր ժողովուրդներուն համար որոնք կը տառապին բռնութեան ու պատերազմի պատճառաւ'' ու ասոնց շարքին նշեց սիրեցեալ Փաքիստանի եւ Իրաքի բնակչութիւնները որ անցեալ օրերուն  թիրախ դարձաւ ահաբեկչական ահռելի արարքներու։

''Աղօթենք զոհերուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։ Ջերմեռանդ կերպով աղօթենք որպէսզի ատելութենէն  կարծրացած ամէն մէկ սիրտ դարձի գայ ու ապաշխարէ ի սպաս խաղաղութեան, Աստուծոյ կամքին համաձայն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք ուղղած կոչին աւարտին մինչ աղօթքէն առաջ, Ան սովորութեան համաձայն ներկայացուց  օրուան աւետարանէն ներշնչուած խորհրդածութիւն մը` քաղուած Մատթէոս աւետարանիչի 5րդ գլուխէն ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը պատուիրէ` ''սիրոյ պատուիրանը'' որ կը գերազանցէ վրէժխնդիր հին կատարականի պատուիրանը ''աչք աչքի դէմ ու ակռայ ակռայի դէմ''։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, իր աշակերտներէն չի խնդրեր հպատակիլ եւ ընդունիլ չարը, ընդհակառակը Ան զանոնք կը խրախուսէ հակազդելու անոր, սակայն ոչ այլ չարիքով մը այլ բարութեամբ։ Որովհետեւ միայն այսպէս է որ կ՛ընդհատուի չարութեան շղթան։ Վրէժխնդրութիւնը արդարեւ հակամարտութիւններու լուծումը չէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուսին համար բռնութեան մերժումը կը նշանակէ նաեւ հրաժարիլ օրինական իրաւունքէ  ինչպէս` աջ երեսը դարձնել, շապիկէն զատ բաճկոնն ալ նուիրել...այսպէսով է որ` Քրիստոնէական սէրը որ կը յայտնուի ողորմութեան մէջ կը դառնայ արդարութեան վեհանձն իրականացում յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ Յիսուս մեզի կ՛ուզէ սորվեցնել յստակ բաղդատութիւն դնել արդարութեան ու վրէժխնդրութեան միջեւ։

Մեզի տրուած է արդարութիւն պահանջել սակայն իրաւունք չունինք վրէժխնդրութիւն յարուցել որովհետեւ ան ատելութեան ու բռնութեան արտայայտութիւն է - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով Յիսուսին մեզի տուած պատուէրին ''Սիրեցէք ձեր թշնամիները ու աղօթեցէք անոնց որոնք ձեզ կը հալածեն''։ Այս է Յիսուսին մեզի տուած պատուէրը որ հրաւէր մըն է դառնալու Հօր նման ողորմած որովհետեւ թշնամին եւս մարդ արարած մըն է, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն, նոյնիսկ եթէ այդ պատկերը պղտորուած է անոր թերացումներու հետեւանքով - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ` հետեւելու Յիսուսին որ գիտէ արտացոլացնել մարդկային արժանապատուութիւնը, ու մեզ արժանի կը դարձնէ ապրելու որպէս մեր Երկնաւոր Հօր զաւակները։ Թող օգնէ մեզ ներգործելու համբերութիւն, երկխօսութիւն ու ներում որպէսզի մեր առօրեային մէջ դառնանք հաղորդութեան եւ եղբայրութեան արհեստաւորներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.