2017-02-18 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 18 Փետրուարի գործունէութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 18 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն` եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը ապա Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Chierici Mariani dell' Immacolata Concezione della Beata Vergine Maria'' միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն։

Այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց միաբանութեան` 20 երկիներու մէջ  մատուցած ծառայութեան համար` ի սպաս Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ։ 

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Միաբանութեան Ընդհանուր ժողովի աշխատանքային նիստերու ընթացքին շօշափուած նիւթերուն ու յատկապէս միաբանութեան կանոնագիրքի մասին կատարուած խորհրդածութիւններուն, հաստատելով թէ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ վերադարձ կատարելու միաբանութիւններու սահմանադրութիւններուն ու կանոններուն որոնց մէջ պարունակուած է միաբանութեան ուղեցոյցն ու խարիզմը ու քաջալերեց բոլոր ներկաները այդ խորհրդածութիւնը կատարելու հաւատարիմ մնալով իրենց հիմնադիրի հոգեւոր ժառանգութեան ու միաժամանակ`բաց սրտով ու մտքով նայելով ժողովուրդի պահանջներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա միաբանութեան հիմնադիր` Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սթանիզլաւին, որուն սրբադասման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի ու խրախուսեց միաբանութեան անդամները հետեւելու իրենց հիմնադիրի օրինակին ու յանձնառութեամբ վկայելու Յարուցեալ Քրիստոսը, նաեւ աղքատներուն, հասկնալի ոճով  ու ողորմածութեան ներգործութիւններով։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ շեշտը դրաւ աւետարանումի առաքելութեան վրայ, ի տես ըսաւ Ան, բազմաթիւ մարդոց, որոնք տակաւին կը սպասեն Յիսուսը ճանչնալ որպէս միակ Փրկիչը մարդկութեան։

Այս առաքելութիւնը կը պահանջէ անձնական ու հասարակական ապաշխարութիւն ու միայն այս սրտերը որ լիովին բաց են Շնորհքի ներգործութեան կարող են հասկնալ ու մեկնաբանել ժամանակներու նշանները ու ընկալել յոյսի եւ խաղաղութեան պահանջը ունեցող մարդկութեան կոչը։ 

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց հրաւիրելով բոլորը հետեւելու իրենց հիմնադիրի օրինակին ու քաջութեամբ ծառայելու Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ` համապատասխանելով նոր մարտահրաւէրներուն ու նոր առաքելութիւններուն, հակառակ բոլոր կայացած դժուարութիւններուն, իրենց վստահութիւնը դնելով Ամենակալին վրայ որուն համար ոչ մէկ բան անկարելի է։ 

Քահանայապետը հուսկ Աստուածամօր անաղարտ սրտին յանձնեց ներկաներն ու միաբանութեան բոլոր անդամները ու բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.