2017-02-18 10:46:00

Վանականութիւն (ԻԶ)


Նախորդ հաղորդումին յիշատակում կատարեցինք հայկական վանքերու հիմնարկութիւններու մասին։ Շարունակելով նոյն նիւթը այսօրուան հաղորդումին մէջ կ՝անդրադառնանք Հայաստանի ամենէն անուանի վանքերէն երկուքին՝ Հաղբատ եւ Սանահին։

Ինչպէս արդէն նկատած էինք, վանքերու հիմնարկութիւնները ունէին զանազան դրդապատճառներ։

Հ. Համազապ Ոսկեանի, Գուգարքի վանքերու նուիրուած հատորէն կը քաղենք տեղեկութիւններ այս երկու հռչակաւոր վանքերու մասին։

Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը Ռոմանոս կայսեր (911-945) օրով կը սկսին հիմնուիլ. ոչ յառաջ քան 928, երբ նոյն կայսեր հրամանով բիւզանդական հողերէ վտարուեցան հայ վանականներ։ Հալածականներու հանդէպ հայ արքունիքը եւ ժողովուրդը բարեացակամ գտնուեցան եւ անոնք ալ եղան սակաւով գոհացող, բայց ձեռներէց եւ ժիր ու Հայաստանի գաւառներու մէջ սփռուած՝ նախ հին ու լքուած (ինչպէս Սանահինի համար կʼաւանդուի թէ առաքելահիմն ու լուսաւորչաշէն եղած) վանքերու եւ ճգնավայրերու մէջ պատսպարուեցան եւ ապա կամաց կամաց կանգնեցին գեղակերտ եւ նպատակայարմար վանքեր ու եկեղեցիներ։ Նախ կը շինուի Սանահին 951-957ին եւ ապա Հաղբատ 961-967ին. անոնք կʼաւարտին, նոր յաւելումներ կը ստանան 991ին եւ աւելի ուշ ատեններ (1063-1065), նմանապէս կը վերանորոգուին, կը վերափոխուին պարագաներու եւ պահանջքներու համեմատ։ Կ’ունենան վերելք, կ’ունենան վայրէջք դարերու ընթացքին եւ են բարեբաստօրէն այն վանքերէն – այն սակաւներէն – որոնք մինչեւ այսօր դեռ կանգուն են եւ հին ժամանակներու եւ պատմական անցքերու դրոշմն ու պատկերը կը ցուցադրեն։

Նկատելով վանքերու շինարարութեան մասին պատմագիրներու մեզի հաղորդած տեղեկութիւններու անճշտութիւնները, Հ. Համազասպ Ոսկեան կը գրէ՝ «Վանքեր ու եկեղեցիներ, ինչպէս ընդհանրապէս մեծ շինութիւններ, հիմնարկութենէ մինչեւ բարեզարդում շատ ու երկար ժամանակի կը կարօտին, հետեւաբար պատմագիրներու եւ մատենագիրներու տեղեկութիւնները պէտք է յայտ բերել թէ որու՞ մասին է։ Բայց պէտք է ըսել թէ ստէպ մանրամասնութեան չեն իջնար եւ իրարու կը խառնեն – իրենց համար կարեւորն է շէնքը որ գոյութիւն ունեցած է։»

Արդ հալածական կրօնաւորները եկան հաստատուեցան Սանահինի եւ Հաղբատի վայրերը եւ գտնելով հին բնակատեղիներ ու աղօթավայրեր զանոնք նորոգեցին, ինչպէս եւ ընդլայնեցին ու անոնց մէջ բնակեցան։ Անոնք իրենց անտրտունջ աղքատութեամբ եւ բարի վարքով շահեցան սրտերը եւ մանաւանդ յուզեցին արքունիքը եւ ահա Աշոտ Ողորմածի կինը Խոսրովանոյշ թագուհին եղաւ անոնց մեծ բարերարը եւ անոր դրամական օժանդակութեամբ կանգնուեցան բարձրացան Սանահին ու Հաղբատ վանքերու կարեւոր մասերը հսկողութեամբ եւ նմանապէս նիւթական զգալի օգնութեամբ Աշոտ Թգապսակին եւ անոր Գուրգէն ու Սմբատ որդիներուն – որոնց արեւշատութեան համար մայրը անոնց շինութեան ձեռնարկեց եւ անոնց քանդակագործ պատկերները դրուեցան «Ի վէմ ինչ մեծ քառանկիւնի, ... ի զգեստ տարազու նախնի թագաւորաց – եւ դարձեալ հսկողութեամբ Սիմէոնի եւ Տիրանունի, ինչպէս արձանագրութիւնները կը վկայեն։

Այս երկու վանքերու շինարարութեան պատմութիւնը օրինակ մըն է, թէ հաւատացեալ ազնուականներ, դրդուած բարեպաշտութենէ եւ կամ ապահովելու համար «գանձեր երկնքի մէջ»՝ իրենց եւ իրենց սիրելիներու հոգիներու փրկութեան համար կը ձեռնարկէին այսպիսի հիմնարկութիւններու եւ շինարարութիւններու։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.