2017-02-18 12:47:00

Սուրբ Երկրի մէջ համամիութենական աղօթք Կաթողիկէ Լուտերական հաշտութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 18 փետրուարի երեկոյեան Բեթղեհէմի Սրբուհի Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ` Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչը գերապյծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա ու Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի աւետարանական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս` գերապայծառ Մունիպ Եունան, միասնական աղօթք պիտի կատարեն ի սպաս   Կաթողիկէ եւ  Լուտերական եկեղեցիներու հաշտութեան, Կաթողիկէ եւ Լուտերական եկեղեցիներու միջեւ 50 տարի համամիութենական երկխօսութենէն ետք։ Համամիութենական սոյն աղօթքի հանդիպումը կը դասուի Լուտերական Վերանորոգումի 500 տարեդարձի նշումի ձեռնարկներու շարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.