2017-02-17 12:53:00

Պոլսահայ Համայնքը համաձայնութեան եկած է․ Նշանակուած է Պատրիարքի ընտրութեան օրը


badriarkaranՊոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ Փետրուար 16-ին հաւաքուած պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ ներկայացուցիչներն ու հոգեւոր առաջնորդները համաձայնութեան եկած են հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցով, կը գրէ «Նիուզ»-ը:

Հաւաքի աւարտին մասնակիցները ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն, ուր նշուած է, որ պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած վերջին զարգացումները կը տանին բախումներու միջավայր, որ կանխելու համար արք․ Արամ Աթէշեանն ու եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը կողք-կողքի նստելով` մինչեւ ընտրութիւններ խաղաղութիւն ապաhովող արձանագրութիւն պատրաստած են։

Արձանագրութեան մէջ յիշատակուած է, որ Փետրուար 17-ին տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւն, իսկ Փետրուար 18-ին տեղապահի հրաւէրով հոգեւոր խորհուրդի անդամներէն ու համայնքի անդամներէն 15 հոգինոց ընտրական յանձնաժողով պիտի ընտրուի:

«Փետրուար 20-ին տեղապահն ու յանձնաժողովը պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած նամակ պիտի գրեն ու յանձնեն նահանագապետարան: Մինչեւ ընտրութիւնները արք․ Արամ սրբազանը պիտի շարունակէ մնալ փոխպատրիարք:  Ընտրութեան օրը ենթադրաբար պիտի ըլլայ Մայիս 28-ին»- նշուած է արձանագրութեան մէջ, որուն տակ ստորագրած են պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ օրեր առաջ եպիսկոպոս Մաշալեան հրաժարական տուած էր` շեշտելով, որ այդ քայլին կ՛երթայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ արք․ Արամ Աթէշեանի պահուածքին պատճառով, քանի որ վերջինս ամէն կերպով կը խոչընդոտէ պատրիարքի ընտրութիւններ իրականացնելը:








All the contents on this site are copyrighted ©.