2017-02-17 12:46:00

Մեծ թիւով միջազգային դիտորդներ պիտի հետեւին Արցախի հանրաքուէին


Փետրուար 20-ին կայանալիք ԼՂՀ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէի առիթով Արցախ պիտի ժամանեն մեծ թիւով միջազգային դիտորդներ:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին յայտնած է ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քարտուղար Սերկէյ Մելքումեանը եւ նշած, որ միջազգային դիտորդներու եւ լրագրողներու ժամանումը կը նախատեսուի Փետրուար 19-ին:

«Այժմ տեղական դիտորդներու արձանագրութեան աշխոյժ փուլ կ՛ընթանայ: Արդէն մօտ 70 դիտորդներ ու լրագրողներ արձանագրուած են: Դիտորդական մեծ խումբեր ունին «Ազատ հայրենիք», «Արցախի ժողովրդավարական» եւ «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւնները»,- մանրամասնած է Ս. Մելքումեանը եւ աւելցուցած, որ դիտորդներու արձանագրութիւնը կը շարունակուի:

Արցախի սահմանադրական հանրաքուէին դիտորդական առաքելութեամբ մասնակցելու համար Փետրուար 19-21 Ստեփանակերտ պիտի գործուղուի ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ԱԺ պատգամաւորներ Գագիկ Մելիքեանը, Լեօւա Խաչատրեանը, Կարէն Շախմուրադեանը, Վահրամ Մկրտչեանը, Ալեքսանդր Արզումանեանը, ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Արսէն Բաբայեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.