2017-02-17 09:20:00

Եւրոխորհուրդը Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան վերջ դնելու կոչ կ՛ընէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Նիլս Մուժնիէքս, «Արտայայտուելու եւ մամլոյ ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով տեղեկագիրին մէջ դիտել կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ տարրական ազատութիւններու ոտնակոխումը հասած է մտահոգիչ համեմատութիւններու։

«Տէօչէ Վելլէ»ի թրքական ծառայութիւնը կը գրէ, որ Մուժնիէքս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները յատկապէս վատթարացած են՝ Յուլիս 15ի ձախողած պետական հարուածէն ետք հռչակուած արտակարգ դրութեան կարգավիճակին պատճառով։

Տեղեկագիրին մէջ յատկապէս կը շեշտուի, որ Թուրքիա իրօք ծանր ժամանակաշրջան մը կ՛ապրի. երկիրը դարձած է արիւնոտ բազմաթիւ ահաբեկչութիւններու թատերաբեմ, յեղաշրջումի փորձ կատարուած է հոն, Թուրքիոյ սահմաններէն անմիջապէս անդին պատերազմներ կ՛ընթանան, երկրին մէջ ապաստանած են 3 միլիոն գաղթականներ, սակայն այդ բոլորը չեն կրնար արդարացնել խօսքի ու մամլոյ ազատութիւններու ոտնահարումները։

Զեկոյցին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը իսկական սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի ներկայիս։

Մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիոյ մէջ «ահաբեկչական խմբաւորման աջակցութիւն ցուցաբերել» եւ «ահաբեկչութեան քարոզչութիւն իրականացնել» հասկացութիւնները կը շահագործուին շատ լայն իմաստով. ան կը շեշտէ, թէ խօսքի ազատութեան սահմանափակումը չի նպաստեր ահաբեկչութեան հիմնահարցի լուծման, այլ կը վնասէ ժողովրդավարութեան եւ կը նպաստէ հանրութեան բեւեռացման՝ Թուրքիան առաջնորդելով դէպի խիստ վտանգաւոր ճամբայ։

Մուժնիէքսի համաձայն՝ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման բազմաթիւ ու անընդունելի դէպքերու հիմնական պատճառը արտակարգ դրութեան կարգավիճակն է, ուստի, ան կոչ կ՛ընէ Անգարային, որ անմիջապէս վերջ տայ այդ դրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.