2017-02-16 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 16 փետրուարի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Հինգշաբթի 16 փետրուարին Սուրբ Պատարագ մատուցեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ եւ մեկնաբանելով օրուան Ծննդոց գրքի ընթերցուածը, ուր կը խօսուի ջրհեղեղի աւարտի, աղաւնիի, ծիածանի եւ հաշտութեան ուխտի մասին, քարոզը կենդրոնացուց խաղաղութեան նիւթի վրայ։

Ան նկատեց, թէ աղաւնին եւ ծիածանը, որոնք կը յիշուին ջրհեղեղի պատմութեան մէջ, դիւրաբեկ են եւ մատնանշեց, թէ որքա՛ն դիւրաբեկ բան մըն է խաղաղութիւնը։

Սրբազան Հայրը նշեց, թէ ջրհեղեղէն ետք, Աստուած ցոյց տուաւ ծիածանը, իբր նշան խաղաղութեան, Ան հաշտութեան ուխտ մը կնքեց մարդուն հետ, սակայն մարդուն համար շատ դժուարին է պահպանել այդ խաղաղութիւնը. այդ կը պահանջէ ամենօրեայ ջանք, որովհետեւ մարդուն մէջ տակաւին կը մնայ սկզբնական մեղքի սերմը։

Կայէնի նախանձող եւ ագահ հոգին եւ տիրապետելու մարմաջը պատճառ կը դառնայ պատերազմներու։ Մինչ մենք Աստուծոյ պատուէրին համաձայն պէտք է ըլլանք մեր եղբօր պահապանը, ըսաւ Սրբազան Պապը, յիշելով Աստուածաշունչի ընթերցուածի խօսքերը՝ «Մարդու միջոցաւ պիտի պահանջեմ իր եղբօր հոգին։ Ով որ մարդու արիւն թափէ, անոր արեան փոխարէն թող թափուի իր արիւնը, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծած եմ մարդը» (Ծննդ Թ. 5-6)։

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ  թէ այսօր` աշխարհի վրայ կը թափենք մարդոց արիւնը պատերազմի մէջ, ուր բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր, անմեղ մարդիկ կը մեռնին, որովհետեւ հզօրները միշտ կտոր մը աւելի հող, աւելի իշխանութիւն, աւելի շահ կ՛ուզեն՝ վաճառելով զինամթերք։ Սակայն Աստուած անմեղներու արիւնը պիտի պահանջէ այդ մարդոցմէ։

Մենք բոլորս ալ մաս կը կազմենք այդ արիւնահեղութեան, ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ պատերազմը կը սկսի մարդու սրտին մէջ, ընտանիքի մէջ եւ ընտանեկան երդիքի տակ, բարեկամներու միջեւ, եւ ապա կը ծաւալի ամբողջ աշխարհի վրայ։

Չի բաւեր խաղաղութիւնը պաշտպանել, պէտք է զայն կերտել ձեռքերով, արհեստավարժօրէն, ամէն օր - հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշեց իր մանկութեան ապրումներէն դէպք մը, ուր պատերազմի աւարտին կը հնչէր ահազանգը. ապա դրացուհիին ձայնը, որ կը կանչէր Ֆրանչիսկոս Պապի մայրը «Տիկին Ռեճինա, եկու՛ր, եկու՛ր, եկու՛ր։» Ապա մայրը դուրս գալով, վախով հարց կու տայ՝ «ի՞նչ պատահած է»։ Դրացուհին լալագին կը պատասխանէ «պատերազմը վերջացաւ»։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի սրտին մէջ խորապէս տպաւորուած է այդ դէպքը եւ ան տակաւին կը յիշէ, թէ ինչպէս երկու կիները գիրկընդխառն կու լային։

Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց քարոզը, ըսելով՝ «Թող Տէրը մեզի շնորհք տայ, որ կարենանք լալ եւ ըսել ''պատերազմը վերջացաւ'' - պատերազմը վերջացաւ իմ սրտիս մէջ, վերջացաւ ընտանիքիս մէջ, իմ բնակավայրիս մէջ, աշխատավայրին մէջ, աշխարհի մէջ – ահա այսպէս պիտի զօրանան աղաւնին, ծիածանը եւ ուխտը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.