2017-02-16 08:32:00

Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր կը համարէ սփիւռքի հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը


Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելած է Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն, ուր խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ տարբեր ներդրումային ծրագիրներու, կառավարման ոլորտին մէջ սփիւռքի ներգրաւման ու առկայ ներուժի իրացման ուղղուած հարցեր:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մանրամասն ներկայացուցած է սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն հետ համագործակցութեան ուղղութիւնները եւ նշած, որ ստեղծուած է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ հայ համայնքներուն հետ յարաբերութիւններու լայն ցանց: Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքով` կատարուած են ծաւալուն աշխատանքներ սփիւռքի ներուժը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ուղղելու նպատակով, որուն արդիւնքով կան բազմաթիւ յաջողակ օրինակներ:
Ըստ gov.am-ի` Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր համարած է սփիւռքի հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը եւ նախարարին յանձնարարած շահագրգիռ գերատեսչութիւններու, Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնին հետ համատեղ, արդէն իսկ մշակուած ներդրումային ծրագիրներու փաթեթները հետեւողականօրէն ներկայացնել սփիւռքահայ ներդրողներուն: Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ստեղծուած ցանցն աւելի առարկայական օգտագործել եւ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել նաեւ արտերկրի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.