2017-02-16 09:20:00

Նալպանտեան եւ Լաւրով պիտի քննեն արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը. Զախարովա


Փետրուար 21-22-ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հրաւէրով Մոսկուա պիտի այցելէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան. Չորեքշաբթի, Փետրուար 15-ին այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

Բանակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի արտաքին քաղաքական շարք մը հարցերու քննարկում, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը:

«Այցը պիտի դառնայ հայ-ռուսական յագեցած երկխօսութեան շարունակութիւնը՝ ուղղուած քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հարցերուն»,- նշած է Զախարովա:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ յստակ տեղեկութիւններ չունի Փետրուար 17-19-ին, Միւնիխի մէջ կայանալիք ապահովական հարցերու նուիրուած միջազգային համաժողովին ծիրէն ներս, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կայանալիք եռակողմանի հանդիպման մը մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.