2017-02-16 09:21:00

Մեքսիքոյի եւ ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսները. ''Կը լսենք գաղթական մեր եղբայրներուն ճիչը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այս մեր պատմութեան դժուար ժամանակահատուածին կը լսենք մեր գաղթական եղբայրներու ճիչը որոնց մէջ կ՛ունկնդրենք Քրիստոսի ձայնը''։ Այսպէս գրած են Մեքսիքոյի եւ ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսները 14 փետրուարին հրապարակած իրենց մէկ պատգամին մէջ, որուն մէջ նշած են ապա թէ '''Յիսուս Մարիամ ու Յովսէփ որպէս գաղթականներ ու ապաստանեալներ փնտռեցին վայր մը ուր ապրիլ ու աշխատիլ ապաւինելով մարդկային կարեկցութեան'' ու թէ ''Այսօր եւս այդ պատմութիւնը կը կրկնուի''։

Եպիսկոպոսները ապա  յայտնած են թէ այցելած են ԱՄՆ-Մեքսիքօ սահմանի վրայ գնուող մի քանի գաղթավայրեր ուր տմարդկային պայմաններու մէջ գտած են բազմաթիւ մայրեր, անչափահասներ ու մանուկներ եւ այս առընչութեամբ դատապարտած են գաղթականութեան երեւոյթը աճեցնող պատճառները, ըլլան անոնք տնտեսական, ընկերային կամ քաղաքական, այդ ծիրէն ներս ընդգծելով հալածանքներն ու խտրականութիւնը որոնց յաճախ թիրախ են գաղթականութեան ճամբան ընտրած անհատները։ Եպիսկոպոսները կոչ ուղղած են շտապ լուծումներ որոնել ու միայնակ եւ առանց յոյսի չի թողուլ այդ անձերը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.