2017-02-16 08:15:00

Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Աւագ Իշխանի ընտրութիւնը ապրիլ 29ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի կառավարութիւնը, տարւոյս ապրիլ 29ին պիտի գումարէ ժողով մը՝ ընտրելու համար Ուխտի Աւագ Իշխանին յաջորդը։ Այս ժողովին պիտի ընտրուի կա՛մ Աւագ Իշխան մը, որ սովորաբար ցկեանս կը պաշտօնավարէ, եւ կամ տեղապահ մը, մէկ տարուայ տեւողութեան համար՝ ըստ սահմանադրութեան։

Ընտրական ժողովի որոշումը կայացուցած է Ինքնիշխան Ուխտի Խորհուրդը, Աւագ Իշխան Մաթթիու Ֆեսթինկի հրաժարումէն ետք, որ կատարած էր տարւոյս 28 յունուարին։

Ապրիլի ընտրական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Վիլլա Մաճիսթրալէ շէնքին մէջ, որ Ուխտի արտերկրեայ նստավայրն է։ Ընտրական ձայնի իրաւունք ունեցող անդամներն են մօտ վաթսուն հոգի։

Սուրբ Յովհաննէսի Երուսաղէմի Ռոտոսի եւ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Հիւանդախնամ Ուխտը, հիմնուած է 1048 թուականին Երուսաղէմի մէջ, կը վայելէ միջազգային իրաւաբանական անձի կարգավիճակ։ Ուխտի առաքելութիւնն է՝ վկայել հաւատքը եւ ծառայել աղքատներուն եւ հիւանդներուն։ Այսօր ան կը գործէ յատկապէս բժշկական-ընկերային եւ մարդասիրական մարզերէն ներս, տարածելով գործունէութիւնը աւելի քան 120 երկիրներու մէջ։ 13500 անդամներու կողքին կը գործեն 100000 կամաւորներ, աջակցութեամբ 25000 բժիշկներու, հիւանդապահներու եւ առողջապահական գործիչներու։

Մալթայի Ուխտը կը կառավարէ հիւանդանոցներ, բժշկական կենդրոններ, վիրաբուժական կենդրոններ, հաստատութիւններ ծերերու եւ անկարներու համար եւ կենդրոններ անբուժելի հիւանդներու համար։

Malteser International, որ Մալթայի Ուխտէն յառաջ եկած մասնաւոր գործակալութիւն մըն է, բնական աղէտներու պարագային միշտ կը գտնուի օգնութեան շտապողներու առաջին գիծի վրայ։ Ներկայիս անոնք օգնութիւն կը մատակարարեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։

Մալթայի Ուխտը ներկայիս դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւն կը մշակէ 106 պետութիւններու հետ, պաշտօնական յարաբերութիւն այլ վեց պետութիւններու հետ, եւ դեսպանական մակարդակի յարաբերութիւն Եւրոպայի Միութեան հետ։ Ան ՄԱԿի մօտ ունի մնայուն դէտ մը, եւ ներկայացուցիչներ Միջազգային Կազմակերպութիւններու մօտ։

1824 թուականէն սկսեալ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի կառավարութեան նիստը Հռոմ քաղաքն է, ուր երաշխաւորուած է անոր արտերկրեայ իրաւակալութիւնը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է քաղել www.orderofmalta.int կայքէջէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.