2017-02-15 10:27:00

''Քրիստոնէական Յոյսը որ չի խափեր'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակին ունկնդրութիւնը։


1* Արդ մենք՝ հաւատքով արդարացած լինելով Աստուծոյ հետ * խաղաղութիւն ունինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձեռովը։ 2* Որով ընդունեցինք հաւատքով այս շնորհքի մէջ մտնելն էլ, * որ նորանում կանգնած ենք, եւ պարծենում ենք * Աստուծոյ փառքի յոյսովը։ 3 Եւ ոչ միայն այսքան, * այլ նեղութիւնների մէջ էլ պարծենում ենք. * գիտենալով որ նեղութիւնը համբերութիւն է գործում, 4* Համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, փորձառութիւնը՝ յոյս. 5* Յոյսն էլ չէ ամաչեցնում. * որովհետեւ Աստուծոյ սերը փռուած է մեր սրտերի մէջ Սուրբ Հոգու ձեռովը՝ որ տրուեցաւ մեզ։

(Ռատիօ Վատիկան) Պօղոս Առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակի վերոնշեալ հատուածէն ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ` չորեքշաբթի 15 փետրուար 2017-ի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ, ակնարկելով Պօղոս առաքեալի նամակին, հաստատեց թէ առաքեալը մեզ զարմանքի կը մատնէ տրուած ըլլալով որ մանկութենէն ի վեր մեզի կը սորվեցնեն թէ պարծենալը գեղեցիկ բան չէ մինչ Սուրբ Պօղոս երկու անգամ  կը յորդորէ պարծենալ` առաջինը պարծենալ Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքով ընդունուած շնորհքներու առատութեան համար, իսկ երկրորդը պարծենալ նեղութիւններու մէջ։

Սուրբ Պօղոս մեզի կ՛ուզէ հասկցնել թէ եթէ Սուրբ Հոգիին աչքերով դիտենք իրականութիւնը կ՛անդրադառնանք թէ ամէն ինչ շնորհք է ու թէ միայնակ չենք, Աստուած մեր հետն է ու Ինքն է գլխաւոր դերակատարը պատմութեան ու մեր կեանքին որ կը ստեղծէ ամէն ինչ որպէս սիրոյ պարգեւ մը ու կը ծրագրէ  փրկագործութեան պատմութիւնը ու զայն կը հասցնէ իր կատարումին մեզի համար` իր Միածին Որդոյն Յիսուսի միջոցաւ։

Մեզմէ խնդրուած է ընդունիլ այս ամէն ինչը, ընկալել զինք երախտագիտութեամբ ու այս մէկը դարձնել փառաբանութեան, օրհնութեան ու երջանկութեան առիթ։ Եթէ այս բոլորը կատարենք, Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ կ՛ապրինք ու կը փորձարկենք ազատութիւնը։ Եւ այդ խաղաղութիւնը կը տարածուի մեր կեանքի բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ, խաղաղութեան մէջ ենք մենք մեր հետ, մեր ընտանիքին հետ, մեր հասարակութեան ու մեր աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց հետ որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեային մէջ։

Պօղոս առաքեալը ապա մեզ կը խրախուսէ  պարծենալ նաեւ նեղութիւններու մէջ, թէեւ այս մէկը աւելի դժուար կը թուի ու կարծես կապ չունի ներքին խաղաղութեան հետ։ Հաւատքէն բխող խաղաղութիւնը սակայն շնորհք մըն է` շնորհք փորձարկելու Աստուծոյ սէրը որ միշտ մեր մօտ է ու մեզ երբեք միայնակ չի թողուր։ Այդ խաղաղութիւնը, ինչպէս կը գրէ առաքեալը, համբերութիւն կը յառաջացնէ, որովհետեւ գիտակից ենք թէ նոյնիսկ ամէնէ դժուար պահերուն իսկ Տիրոջ բարիութիւնն ու ողորմութիւնը աւելի մեծ են որեւէ բանէ։ 

Ահա թէ ինչու քրիստոնէական յոյսը զօրաւոր է ու երբեք հիասթափ չի թողուր, որովհետեւ անոր հիմը կը գտնուի Աստուծոյ` մեզմէ իւրաքանչիւրիս ցուցաբերած սիրոյ մէջ։ Ասոր համար է որ առաքեալը մեզի կը յորդորէ պարծենալ։ Յոյսը որ մեզի տրուեցաւ բացառիկ պարգեւ մըն է որուն մեր կարգին` հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ, դառնալու ենք ''խողովակներ''  բոլորին համար, ու մեր պարծանքը պիտի ըլլայ ունենալ Աստուծոյ նման Հայր մը որ ոչ մէկը կը բացառէ, այլ իր տունը կը բանայ բոլոր մարդ արարածներուն առջեւ, սկսեալ վերջիններէն ու հեռաւորներէն որպէսզի մենք եւս որպէս Անոր զաւակները սորվինք մխիթարուիլ ու մէկը միւսին թիկունք կանգնիլ։

Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալները, ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, մատնանշելով Սուրբ Կիւրեղ ու Մեթոտիոս սուրբերուն, որոնց յիշատակումը կատարուեցաւ երէկ, ու հրաւիրեց երիտասարդները օրինակ առնելու անոնցմէ եւ ըլլալու իրենց կարգին առաքեալներ, ապա հիւանդներուն մաղթեց որ անոնց  կամապաշտութիւնը քաջալերէ զանոնք իրենց ցաւերը նուիրելու հաւատքէն հեռացած անձերուն համար հուսկ նորապսակներուն մաղթեց որ անոնց սէրը Տիրոջ նկատմամբ լուսաւորէ զիրենք Աւետարանը ընտրելու ընտանեկան կեանքի որպէս հիմնական սկզբունք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.