2017-02-15 12:23:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Բարեկամութիւնները


Ընկերային կեանքի պայմանները բազմազան են: Հազարումէկ հաշիւներ, փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած գործակցութիւններ, շահութաբեր ձեռնարկներու իրագործման համար կնքուած դաշինքներ, միասնական ծրագիրներու յաջողութեան նպատակով պսակադրուած ամուսնութիւններ, եւ դեռ անհաշիւ կերպեր, որոնց միջոցաւ մարդիկ կապեր կը հաստատեն իրարու հետ: Ապրիլ նմանին հետ, բարեկամութիւն մշակել, վստահութիւն ունենալ կամ ներշնչել, համաձայնութիւն կնքել եւայլն, նախապէս կողմերու միջեւ կը կատարուէր. սակայն այսօր, երբ «իրաւունքներու դարաշրջան»ի մէջ կ’ապրինք. նորագոյն քաղաքակրթութեամբ՝ ամէն բան պէտք է օրինաւորապէս հաստատուած ըլլայ. ՜՜վաւերաթուղթերով, ստորագրութիւններով, օրինական կնիքներով, տուեալ երկրի կառավարական վաւերացումներով ու վկաներով՝՝:

Կ’ըսուի, թէ մնայուն դաշինք կամ անվախճան բարեկամութիւն չկայ: Բարեկամութիւններուն նիւթերը եւ պատճառները կը տարբերին իրարմէ: Ասիկա տխուր հաստատում մըն է մարդկութեան պատմութեան ամբողջ տեւողութեան: Ուրեմն, ինչքա՜ն դժուար է մարդուն համար, ապրիլ իր նմանին հետ, եւ միշտ փոփոխական միտք մը ունենալով, համաձայն տուեալ կացութեան, փոփոխութեան ենթարկել անձնական յարաբերութիւնները այս կամ այն անձին հետ: Ինչո՞ւ մարդ չկարենայ մնայուն կերպով գործակցիլ անձի մը հետ, ամբողջ կեանքի տեւողութեան: Արդեօ՞ք անոր սնանկանալուն պատճառաւ: Կամ՝ ենթակայէն շահու մը ակնկալութիւն երբ չկայ այլեւս, պէ՞տք է թողուլ եւ հեռանալ անկէ: Ա՞յս է բարոյականութեան օրէնքը որ ուսուցուած է տիեզերքի Արարիչին կողմէ: Նոյնը չէ՞ նաեւ ամուսնութեան պարագային. երբ առաջին տարիներու ֆիզիքական բորբ ջերմութիւնը անցնի, իրարու նկատմամբ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութիւնները նուազագոյնի իջնեն, կնոջ սէրը աճում արձանագրէ դէպի իր ծնած զաւակները, պէ՞տք է ամուսնական ուխտը դրժուի եւ ընտանիքը քայքայուի:

Մարդոց մօտենալու եւ անոնց բարեկամանալու տարբեր չափանիշներ կը գծուին քրիստոնէութեան մեծ վարդապետին՝ Յիսուսի կողմէ, իր առաքեալներուն ձեռքով գրուած Աւետարաններուն մէջ: Նախ, իր ընտրած մարդիկը, որոնք իր առաքելութեան շարունակողները պիտի ըլլային այս աշխարհի վրայ, իր բարեկամները կը կոչէ: Մարդիկ, որոնք նախապէս ծանօթութիւն չունէին իր հետ, եւ անոնց բարեկամութիւնն ալ, ինչպէս գիտենք Աւետարանի դրուագներէն, պիտի տկարանար պահ մը, երբ վտանգ սպառնար անոնց կեանքին: Այսպէս, Գեթսեմանիի մէջ երբ մահու եւ կենաց կացութիւն մը ստեղծուեցաւ, Յիսուսի «բարեկամ» կոչածները հեռացան իրմէ, իրենց կաշին փրկելու համար (հմմտ. Մատթ. 26.56): Աւելի ուշ, ինքզինք Վարդապետին ամէնէն հաւատարիմ պաշտպանը նկատող Պետրոսը եւս երիցս ուրացումով խոյս տուաւ ստոյգ վտանգէն եւ ձերբակալութենէն, ու փրկեց իր կեանքը (հմմտ. Ղուկ. 22.54-62): Աւելին, իր ընտրած ու բարեկամ կոչած անձերէն, եւ իր ամէնէն սեղմ շրջանակին պատկանողներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացին իր մատնիչը պիտի ըլլար… (հմմտ. Ղուկ. 22.47-48): Եթէ Աստուածորդիին ընտրութիւնը, որ ամէնէն կատարեալը պիտի ըլլար, այսպիսի վախճան ունեցաւ, ալ ենթադրելի է թէ մարդոց կատարած ընտրութիւնները եւ հաստատած բարեկամութիւնները ինչքան թերի կրնան ըլլալ, եւ անակնկալներով յղի:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ, սակայն, բարեկամ ըլլալու կոչուած անձերը միայն մեզի հաճելի թուացողները, կամ՝ մեր գործին համար անհրաժեշտ եղող անձերը չեն: Յաճախ կը տեսնենք, որ Ան բարեկամութիւններ կը մշակէ նաեւ ոչ օրինապահ, խաբեբայ, գող, անբարոյ եւ անարժէք մարդոց հետ: Նոր կտակարանին մէջ բազմաթիւ օրինակներ կան…

Իսկ քո՞ւ նպատակդ ի՞նչ է, հաստատած բարեկամութիւններուդ պարագային. եւ  ովքեր քու բարեկամներդ կը նկատես: Այստեղ կարելի է թուարկել բարեկամութիւններու տեսակներ եւ փոխադարձ շահու վրայ հիմնուած բազմաթիւ դաշնադրութիւններ: Մենք  տիտղոսներ, հանգամանքներ ու անուններ պիտի չտանք այժմ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը  դիտելով  շրջապատը,  վերանայումի ենթարկէ մարդկային բոլոր յարաբերութիւնները…:








All the contents on this site are copyrighted ©.