Բերիոյ Հայոց թեմի տուեալներուն համաձայն` Հալէպի մէջ այս պահի դրութեամբ շուրջ 20 հազար հայ կ´ապրի:
Այս մասին Փետրուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան:
Անոր խօսքով` Դամասկոսի մէջ կը բնակի 3000, Լաթաքիա, Քեսապի ծովափնեայ շրջաններուն մէջ` 3000-3500, Գամիշլիի` 3000, մնացած բնակավայրերուն մէջ` 3000-4000 սուրիահայ: «Այս թիւերը կայուն չեն եւ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ շարք մը գործօններէն մեկնած»,-ըսաւ Պապիկեան:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ բնակչութիւնը մինչ պատերազմը կը կազմէր 24.5 միլիոն, այժմ` 17-18 միլիոն: «7 միլիոնը կը համարուի ներքին տեղահանուած, 13.5 միլիոնը ունի մարդասիրական օգնութեան կարիք, որմէ 4.5 միլիոնը կը բնակի դժուար հասնելի վայրերուն կամ շրջափակման մէջ»,-աւելցուց ան:
Սուրիոյ այն տարածքներուն մէջ, ուր կը պահպանուի հրադադարի կարգը, դրական տեղաշարժ կը նկատուի կենցաղային պայմաններու բարելաւման առումով: Ահաբեկիչներու ձեռքին մէջ կը գտնուէին Դամասկոսը մատակարարող ջրամբարները եւ ատոնց գրաւումը կառավարական ուժերուն կողմէ որոշակի առումով թեթեւացուց ջրամատակարարումը այնտեղ: «Սուրիոյ բնակչութեան մեծագոյն հատուածը կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն` բնակչութեան 50 տոկոսը կը համարուի բռնի տեղահանուած, երկու երրորդը` խիստ կարիքաւոր: Կիսաքանդ վիճակի մէջ կը գտնում 1000, լիովին ոչնչացուած 100, մասնակի աւերածութեան ենթարկուած 800 տուն –շինութիւն, 3000 խանութ, վաճառատուն կայ Սուրիոյ մէջ, որոնք կողոպտուած են, այրուած, կամ կիսաքանդ վիճակի մէջ են»,-ըսաւ ԱԳՆ նախարարի տեղակալը` աւելցնելով, որ կը շարունակուի սուրիահայութեան արտագաղթը դէպի Գանատա, Աւստրալիա, Հայաստան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան հետ միասին կը շարունակեն աջակցութիւն ցուցաբերել այն սուրիահայերուն, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն գալ Հայաստան: Հալէպի մէջ կը շարունակէ գործել միակ հիւպատոսութիւնը, որ կը շարունակէ ամէնօրեայ կարգով տեղեկատուութիւն տրամադրել Հալէպի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |