2017-02-14 08:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրած է ''Կը ներեմ քեզի հայր'' գիրքի նախաբանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տանիել Փիթթեթ, Զուիցերիոյ Ֆրիպուր քաղաքէն, հրատարակած է գիրք մը «Կը ներեմ քեզի հայր» տիտղոսով։ Այնտեղ հեղինակը, որ զոհը եղած է մանկամոլ քահանայի մը, կը ներկայացնէ իր կեանքի տխուր փորձառութիւնը եւ այլ զոհերու վկայութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ հեղինակն է գրքի նախաբանին, կը գրէ՝ «Այն անձին համար, որ մանկամոլի մը զոհը եղած է, դժուար է պատմել իր ապրածը եւ նկարագրել այն վէրքը որ տակաւին տարիներ ետք կը կրէ։ Ասոր համար Տանիել Փիթթեթի վկայութիւնը հարկաւոր է, արժէքաւոր եւ քաջարի։»

Սրբազան Հայրը կը գնահատէ գրքի հեղինակին աշխատանքը եւ մասնաւորապէս անոր տուած վկայութիւնը, որ իր ուժը կը գտնէր աղօթքի մէջ եւ քառասունչորս տարիներ ետք կը ներէր զինք եղծող քահանային։

Սրբազան Պապը կը յիշէ 2015 թուականին իր ունեցած հանդիպումը Տանիել Փիթթեթի հետ։ Այն ժամանակ ծանօթանալով անոր յանձնառութեան՝ հրատարակելու գիրք մը մանկամոլութեան զոհերու մասին, Սրբազան Պապին անգամ մը եւս ներկայացած էր այս խնդրի ամբողջ տարողութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարց կու տայ, թէ «ի՞նչպէս կրնայ քահանայ մը, որ Քրիստոսի եւ իր Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ է, հասնիլ այն աստիճանի որ այսքան չարիք պատճառէ։ Ի՞նչպէս կրնայ ան իր կեանքը նուիրել՝ մանուկները Աստուծոյ առաջնորդելու, եւ սակայն կը բզկտէ զանոնք իբր այսպէս կոչուած «դիւական զոհ», որ կը կործանէ թէ զոհը եւ թէ Եկեղեցւոյ կեանքը։ Որոշ զոհեր հասած են մինչեւ իսկ անձնասպանութեան։ Այդ մահացեալները կը ճնշեն իմ սրտիս, իմ խղճիս եւ ամբողջ Եկեղեցւոյ սրտին վրայ։ Անոնց ընտանիքներուն կը մատուցանեմ իմ սիրոյ եւ ցաւի զգացումներս, եւ խոնարհաբար ներում կը խնդրեմ։» Կը գրէ ապա Սրբազան Քահանայապետը մանկամոլներու արարքները որակելով ճիւաղային, սարսափելի, եւ դաւաճանական։ Ան հուսկ կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքերը՝ «Ով որ գայթակղեցնէ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը, լաւ է որ այնպիսին երկանաքար մը կախէ իր վզէն եւ ընկղմի ծովին խորը» (Մտթ ԺԸ. 6)։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կը շեշտէ, թէ Եկեղեցին պէտք է յատուկ կերպով պաշտպանէ ամենէն տկարները եւ անպաշտպանները։ Յառաջաբանի աւարտին, Սրբազան Պապը կը գրէ՝ «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տանիելին, որովհետեւ այդպիսի վկայութիւններ, ինչպէս իր կատարածը, կը խորտակեն լռութեան պատը որ կը խեղդէր գայթակղութիւնները եւ տառապանքները, եւ լոյս կը բերէ Եկեղեցւոյ կեանքին ստուերամած տարածքի մը վրայ։ Այդ վկայութիւնները ճանապարհը կը բանան արդար հատուցումի եւ հաշտութեան շնորհքին, եւ կ՛օգնեն նաեւ մանկամոլներուն գիտակցիլ իրենց արարքներու սարսափելի հետեւանքներուն։ Կ՛աղօթեմ Տանիելին եւ այն բոլորին համար, որոնց անմեղութիւնը խոցուած է, որպէսզի Աստուած սփոփէ եւ բուժէ, եւ շնորհէ բոլորիս Իր ներումը եւ Իր ողորմածութիւնը։» 








All the contents on this site are copyrighted ©.