2017-02-14 09:11:00

Օրովիլի ամբարտակի փլուզման վտանգին պատճառով հազարաւորներ կը հեռանան շրջանէն


Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան 180 հազար մարդիկ հեռացուեցան իրենց տուներէն, երբ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն բարձր ամբարտակի յորդման ջրանցքը առատ անձրեւներուն պատճառով տկարացաւ:

Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ջրանցքը քանդուելու եզրին կը գտնուի: Յաւելեալ ջուրի հոսքը հետագային դադրեցաւ, սակայն Պաթ գաւառի ոստիկանապետ Քորի Հոնի յայտնեց, որ բնակչութեան տարհանման հրամանը կը շարունակէ մնալ ի զօրու:

Տարիներէ ի վեր տեղումներու խիստ սակաւութենէ ետք, ամբարտակի ջուրի մակարդակը առատ անձրեւին եւ ձիւնին պատճառով բարձրացած էր: Օրովիլ լիճին վրայ հաստատուած ամբարտակը իր գոյութեան 50 տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ այսպիսի արտակարգ կացութիւն մը կը դիմագրաւէ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.