2017-02-14 09:37:00

Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութիւնը առկախուած է


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան յայտարարած է այդ պաշտօնէն իր հրաժարելուն մասին՝ յայտնելով, որ այդ որոշումին մէջ մեղաւորը պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանն է:

«Ակօս» կը գրէ, թէ Մաշալեան հրապարակած է իր քայլերը մեկնաբանող նամակ մը՝ նշելով, որ հրաժարականի որոշումը կայացուցած է Փետրուար 13ին տեղի ունեցած Հոգեւոր խորհուրդի նիստին ընթացքին Աթէշեանի ցուցաբերած վարքին պատճառով: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ինք չի պատրաստուիր իր թեկնածութիւնը առաջադրելու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն՝ աւելցնելով, որ պիտի հեռանայ Պոլիսէն։

Մաշալեան նաեւ բացատրած է պատրիարքի աթոռը թափուր յայտարարուելէ ետք՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւններ կայացնելու կարգը, միաժամանակ ցոյց տալով այժմ այդ գործընթացը խափանելու Աթէշեանի ջանքերը:

«Պատրիարքի աթոռը թափուր յայտարարուելէ անմիջապէս ետք պէտք էր տեղապահ ընտրուէր: Սակայն Արամ սրբազանը, ամէն տեսակ քմահաճութիւն ընելով եւ սպառնալով՝ այդ ընտրութեան դէմ դուրս եկաւ», յայտնած է Մաշալեան:

Ան նաեւ պատմած է, որ եկեղեցւոյ գլխաւոր Հոգեւոր խորհուրդը կազմած է չորս հոգեւորականներէ բաղկացած յանձնաժողով մը, որ պէտք էր իշխանութիւններուն ներկայացուելիք դիմում մը պատրաստէր՝ նոր ընտրութիւն կատարելու վերաբերեալ: Սակայն, Արամ արք. Աթէշեան չէ՛ արտօնած, որ այդ նամակը ներկայացուի Պոլսոյ նահանգապետարանին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ դիմումին ներկայացման գործընթացը առկախուած է:

Անդրադառնալով հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպման առիթով կատարուած այն յայտարարութեան, թէ՝ պատրիարքի ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրական հանրաքուէէն ետք, Մաշալեան նշած է, որ այդ մէկը պէտք է ըլլար ընտրական գործընթացը արագացնող լուր, սակայն պատրիարքական փոխանորդ Աթէշեան այդ մէկը օգտագործած է իբրեւ ընտրութիւններէն խուսափելու հերթական պատրուակ:

«Անտեսելով համայնքին տուած իր խօսքը՝ ան, առանց ոեւէ մէկուն հետ խորհրդակցելու, մամուլին յայտնեց, թէ ընտրութիւն կատարելու դիմում պիտի չներկայացուի: Պատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդը եւ ես՝ անոր նախագահը, այդ մասին մամուլէն իմացանք», ընդգծած է եպիսկոպոսը իր նամակին մէջ:

Ան ապա յայտնած է, որ Փետրուար 13ի, Հոգեւոր խորհուրդի ժողովին ընթացքին ինք առաջարկած է վերոնշեալ յանձնաժողովին կազմած դիմումը անմիջապէս ներկայացնել նահանգապետարան եւ անոր բովանդակութիւնը հրապարակել համայնքին մէջ, սակայն Աթէշեան, իրեն բնորոշ կերպով սպառնալիքներ հնչեցուցած է՝ ըսելով, որ կրնայ հեռանալ նիստէն, որուն ի պատասխան՝ Սահակ սրբազանի առաջարկը մերժուած է:

«Ակնյայտ է, որ քանի դեռ Արամ սրբազան Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին վրայ է, պատրիարքական ընտրութիւններ չեն կրնար կայանալ: Արդէն իսկ բոլորը համակարծիք են, որ, երբ պաշտօնը դատարկ է, իսկ քաոսը հետզհետէ աւելի կը խորանայ, տիրող իրավիճակը՝ Արամ սրբազանին պատճառով աւելիո՛վ կը  վատթարանայ», յայտարարած է Մաշալեան եւ ընդգծած, որ հայկական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ պատրիարքական աթոռ մը երբե՛ք ութ տարի դատարկ չէ մնացած:

«Իր լիազօրութիւնները օգտագործելով՝ ութ տարի մենատիրութիւն իրականացնելն ու պաշտօնը չարաշահելը յանցաւո՛ր բնոյթ ունին, եւ համաձայն եկեղեցական օրէնքներու՝ ան արժանի է պատիժի», նշած է եպիսկոպոսը, ապա՝ եզրափակած. «Հոգեւորականներ, ղեկավարներ եւ ժողովուրդ՝ ինծի մինա՛կ ձգեցիք: Այս պարտութեան խօսք է: Սակայն պարտուողը միայն ես չեմ, այլեւ՝ դո՛ւք, բոլորդ: Կրկին յաղթեց միայն մէ՛կ անձ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.