2017-02-13 09:57:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 13 Փետրուարի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 13 փետրուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Քոսթա Ռիքայի եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր մասնակցութիւնը բերաւ Ինը կարդինալներու խորհուրդի ԺԸ նիստին որ սկիզբ առաւ այսօր ու կ՛աւարտի 15 փետրուարին։ Նշենք թէ Ինը կարդինալներու խորհուրդը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ` որպէս անմիջական օգնականներ յառաջ տանելու Եկեղեցւոյ բարեկարգումի գործընթացը։ Անոնք իրենց առաջին նիստը գումարած էին 2013-ի Հոկտեմբեր ամսուայ մէջ։

Քոսթա Ռիքայի եպիսկոպոսներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց տեղական  եկեղեցւոյ իրավիճակի մասին ու յատկապէս առաքելական ու հովուական մարզէն ներս կայացած հարցերու շուրջ։

Նշենք թէ Քոսթա Ռիքայի հանրապետութիւնը  ուni 51 հազար քմ աւելի տարածք ու 4 միլիոն 800 հազարէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը` 82 առ հարիւրը կը պատկանին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մինչ այլ 10 առ հարիւրը բողոքական եկեղեցւոյ անդամներ են ու մնացած 8 առ հարիւրը տարբեր կրօններու հետեւորդներ։

Քրիստոնէութիւնը Քոսթա Ռիքա մուտք գործեց 1521 թուականին ու Քոսթա Ռիքայի կարեւոր առաքեալներէն մին եղաւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ Հայր Խուան Էսթրատա Ռավակոն ու անոր միաբանակից եղբայրները որոնք 1560-էն սկսեալ իրենց առաքելութիւնը հաստատեցին Քոսթա Ռիքայի մէջ։ 

Քոսթա Ռիքայի կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցը ունի 7 թեմեր։ Ան մեծ դեր ունեցած է երկրին քաղաքական, մշակութային ու ընկերային կեանքէն ներս։ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կատարած է երկրին` 2-10 մարտ 1983-ին։ Մինչ 2010-2011 տարեշրջանը Քոսթա Ռիքայի համար հանդիսած է Յոբելենական տարի` ''Հրեշտակներու Տիրամօր'' երեւման 375-րդ տարեդարձին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.