2017-02-13 12:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆաթիմա կատարելիք ճամբորդութեան նշանաբանը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մարիամի հետ յոյսի ու խաղաղութեան մէջ ուխտաւոր'' այս է Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմայի Սրբավայրին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսը որ հրապարակուած է ճամբորդութեան նշանաբանին վրայ ուր պատկերացուած է նաեւ Ֆաթիմայի սրբավայրը 1917-2017 թուականներով մինչ վերեւ պատկերացուած է սիրտ մը հիւսուած սուրբ վարդարանի հատիկներով։ Սիրտը կը  յատկանշէ Մարիամի անաղարտ սիրտը ինչպէս նաեւ Հօր ողորմած սէրը։Մինչ Սուրբ Վարդարանը կը խորհրդանշէ Ֆաթիմայի Տիրամօր  մարդկութեան ուղղած հրաւէրը` յարատեւ աղօթելու Սուրբ Վարդարանը։

Նորին Սրբութիւնը Ֆաթիմայի Սրբավայրը պիտի այցելէ 12-13 մայիս 2017ին, այնտեղ տեղի ունեցող Տիրամօր երեւումներուն հարիւրերորդ տարեդարձին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.