2017-02-13 10:17:00

''Ռատիօն դուն ես'' - Ռատիոյի համաշխարհային օր։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 փետրուարին կը նշուի Ռատիոյի համաշխարհային օրը հռչակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՈՅԻ կողմէ 2011-ին: Ան առաջին անգամ պաշտօնապէս նշուած է 2012-ի փետրուար 13-ին:

Օրը ընտրուած է յիշատակելու 1946-ի փետրուար 13-ին,  առաջին անգամուան համար եթեր ուղարկուած ՄԱԿ-ի Ռատիոն։

Օրուան նպատակակէտն է ոչ միայն արժեւորել Ռատիօն՝ որպէս համաշխարհային կապի միջոց, այլեւ որպէս ռատիոյի հետ կապ ունեցող բոլոր մարդոց միջև համագործակցութեան ամրապնդում ու նաեւ որպէս քաջալերանք զարգացնելու տեղեկատուութեան մատչելիութեան ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսքի ու արտայայտութեան ազատութիւնը ու զանազան մշակոյթներու յարգանքը։

2017 տարուայ Ռատիոյի համաշխարհային օրուան բնաբանն է ''Ռատիօն դուն ես''։

Ռատիօն մարդկութեան համար հինուց ի վեր հանդիսացած է հաղորդակցութեան պատշաճ միջոց։Ան այսօր եւս հասանելի է այնպիսի վայրեր ուր նորաձեւ հաղորդակցութեան միջոցները կարող չեն հասնիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.